ՇԱՐՊԵԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԸ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի այցելեց Ռումիէի բանտը:
Այցելութենէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան շեշտեց, որ յառաջիկայ 3 կամ 4 ամիսներուն ընթացքին Ռումիէի բանտին մէջ պիտի հիմնուի դատավարութեանց յատուկ սրահ մը, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բանտին կացութեան վրայ:
Շարպել հաստատեց, որ Ռումիէի եւ Լիբանանի այլ բանտերուն մէջ արդէն իսկ սկսած են հիւանդներուն պարագաները սերտելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի ստանձնած է բոլոր արգելափակեալներուն թղթածրարները եւ մնայուն կերպով պիտի հետապնդէ անոնց պարագաները:
Միւս կողմէ, Շարպել ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց ներքին գործոց նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՄԱԿ-ի տրամադրելիք օժանդակութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ ցամաքային սահմաններուն վերաբերող թղթածրարը եւ սուրիացի գաղթականներուն հարցը:


