ՊԸՐՐԻ ՍԱԼԱՄԷԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Սալամէ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն, հաղորդեց, որ կառավարութեան տագնապին լուծումը մինչեւ վաղը` չորեքշաբթի, 22 փետրուար լուծելու հաւանականութիւնը մեծ է:

Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս ստորագրէ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած փոխադրածախսերու վերաբերող որոշումը:

 

Share this Article
CATEGORIES