ՄԻՔԱԹԻ ԽՈՒՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Կենսոլորտային հարցերուն նուիրուած հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է Քարաոն լիճին եւ Լիթանի գետին ապականումի փշոտ հարցերը, ինչպէս նաեւ Սայտայի եւ Թրիփոլիի աղբանոցներու հիմնահարցերուն լուծումներ գտնելու հեռանկարները:

Խուրի աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Պէյրութի գետին կարմիր դառնալուն հարցը` աւելցնելով, որ իրենք այդ հարցը կը հետապնդեն եւ հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահեն այդ դէպքին դրդապատճառներուն մասին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Share this Article
CATEGORIES