ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան տագնապին լուծման հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել: Քննարկուեցաւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան ծրագիրի մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն ընկերակցեցաւ աւստրալիաբնակ լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Աւստրալիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա եւ Պէյրութի ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Էլի Պսայպես:
CATEGORIES Լիբանանեան


