ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՏԷՅՐ ՍԱԼԻՊԻ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց տասնեակ տարիներէ ի վեր անտեսուած Տէյր Սալիպի բուժարանը` ընկերակցութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ առողջապահութեան ու ընկերային հարցերու նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Վարչապետ Միքաթի իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները մէկ նաւու մէջ կը գտնուին եւ կը գործեն երկրին բարօրութեան համար:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի շահերն ու կայունութիւնը կարելի չ՛ըլլար ապահովել, եթէ բոլոր լիբանանցիները միատեղ չգործեն:
Վարչապետը դրուատեց նաեւ առողջապահութեան ու ընկերային հարցերու նախարարներուն ջանքերը` երկրին ընկերային մարզը բարելաւելու նպատակով:
Տէյր Սալիպ բուժարանի մէջ ծառայող Խաչի քոյրերու միաբանութեան նախագահ, մայրապետ Մարի Մախլուֆ յայտնեց, որ բուժարանը իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան օրինակելի վայր մըն է:
Ապա վարչապետ Միքաթի, Ռայի պատրիարքին եւ նախարարներուն հետ շրջեցաւ բուժարանին տարբեր բաժիններուն մէջ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ նամակ մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն:
Լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն մասին Պըրրիի նամակը Ռայի պատրիարքին փոխանցեցին երեսփոխան Միշել Մուսա եւ խորհրդարանի արտաքին հարցերու ընդհանուր քարտուղար Պիլալ Շարարա, որոնք այցելեցին Պքերքէ:


