«ՕՐԷՆՔԸ ԲՈԼՈՐԷՆ ՎԵՐ Է, Ե՛Ւ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ, Ե՛Ւ ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ» ՇԵՇՏԵՑ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումներուն:

Անդրադառնալով կառավարութեան տագնապին` Յ. Բագրատունի նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը մերժած է նիստի հրաւիրել, ոչ անոր համար, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս մերժած է ստորագրել կառավարութեան վաւերացուցած փոխադրածախսի որոշումը, այլ որովհետեւ նախարարները մերժած էին նշանակումներու հարցը յանկարծակի կերպով քննել:

«Ես համոզուած եմ, որ նախարար Նահհաս իրաւունք ունի մերժելու փոխադրածախսի որոշումին ստորագրութիւնը, որովհետեւ Պետական շուրան մերժած է զայն եւ այս հանգրուանին անհրաժեշտ կը նկատուի յարգել Պետական շուրային տեսակէտը, մինչ անցեալին նկատի չէր առնուեր անոր կարծիքը», ըսաւ Յ. Բագրատունի` ընդգծելով, որ օրէնքը բոլորէն վեր է, ե՛ւ նախարարաց խորհուրդէն, ե՛ւ վարչապետէն:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ եթէ այդ որոշումը օրինականացուի, ապա նախարար Նահհաս կը ստորագրէ զայն:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ առկայ քաղաքական հարցերուն համայնքային եւ յարանուանական բնոյթ տալու սովորամոլութիւնը:

Կառավարութեան տագնապին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ զարմանալի էր, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին անակնկալ կերպով առաջարկած էր պետական նշանակումներուն թղթածրարը:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքին առումով Լիբանանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններուն երկարաձգումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ մէկը կատարուեցաւ Լիբանանի կառավարութեան բացակայութեան` յայտնելով, որ այս առումով ինք ոչ ոք կ՛ամբաստանէ կառավարութիւնը դիտմամբ բացակայեցնելու յանցանքով:

Ան աւելցուց նաեւ, որ այս կառավարութիւնը ամէնէն ձախող կառավարութիւններէն է, որովհետեւ կան որոշ կողմեր եւ կեցուածքներ, որոնք կը փափաքին ձախողեցնել կառավարութիւնը: «Սակայն հակառակ այս բոլորին, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը մնայուն կերպով զօրակցած է հանրապետութեան նախագահին, որ երկրին կառավարիչն է ու միաժամանակ` իրաւարարը. ան իրաւունք ունի իր տեսակէտը ներկայացնելու բոլոր պետական նշանակումներուն պարագային եւ ոչ միայն քրիստոնեաներուն մասին:

«Հանրապետութեան նախագահը միայն քրիստոնեայ համայնքը չի ներկայացներ, այլեւ` բոլոր լիբանանցիները: Հետեւաբար մենք կը պահանջենք հանրապետութեան նախագահին իրաւունքները ամրապնդել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք մնայուն կերպով առաջարկած է հանրապետութեան նախագահին շնորհել Լիբանանը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն նախարարներ եւ ոչ միայն քրիստոնեայ նախարարները: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ լաւ:

Այս ծիրին մէջ, Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, ինչո՞ւ վարչապետը միայն սիւննի համայնքը պէտք է ներկայացնէ եւ ինչո՞ւ խորհրդարանի նախագահը միայն շիի համայնքը պէտք է ներկայացնէ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կատարած այցելութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ այցելութիւններուն ընթացքին քննարկուած են երկրին իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ փոխանցուած է ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին ընդվզումը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան եւ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ այլ ղեկավարներուն կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերուած ընդունելութեան մասին: «Այս այցելութիւնները կը կատարուին այն քաղաքական ղեկավարներուն, որոնք նախապէս փոխադարձած են մեր այցելութեանց», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր քաղաքական եւ ընտրական դաշինքին մէջ հանգիստ է, սակայն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ մենք նաեւ բաց ըլլանք այլ առաջարկներու եւ գոյացնենք այլ ընտրական դաշինքներ:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը դաշնակից ուժ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այդ ընտրութիւնները անպայման պիտի կատարուին 2013-ին: Այս ծիրին մէջ, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր հիմնուած օրէն իսկ ներկայացուցած է լիբանանահայութիւնը եւ իբրեւ այդպիսին ան ընդգրկած է ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն, այլեւ` հայկական միւս երկու կուսակցութիւններուն թեկնածուները, «հետեւաբար այդ աւանդը երբեք պիտի չխախտի», ըսաւ ան:

Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն ա) կը մերժէ բռնարարքները` ըլլան անոնք վարչակարգին կողմէ, թէ վարչակարգի ընդդիմադիրներուն կողմէ, բ) կը զօրակցի միջսուրիական երկխօսութեան եւ գ) կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն որեւէ օտար միջամտութիւն, ըլլայ ան դրացի երկիրներէն, Արեւմուտքէն, թէ Միացեալ Նահանգներէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES