ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌԱՈՒԼԻ 400-ՐԴ ԿՈԼԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Պունտըսլիկայի մրցումներուն գծով տեղի ունեցած ճակատումի մը ընթացքին Շալքէ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Վոլֆսպուրկը: Վերջինիս մարզիչ Ֆելիքս Մակաթ անբախտ վերադարձ մը ունեցաւ իր նախկին ակումբին դաշտը, ուրկէ հեռացած էր տարի մը առաջ:
Մրցումին արդիւնքէն աւելի ուշագրաւ եղաւ յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի նշանակած կոլը` նկատի ունենալով, որ 34 տարեկան սպանացին այսպիսով նշանակեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 400-րդ կոլը:
Ան 323-ը նշանակած է Ռէալ Մատրիտի հետ, 44-ը` Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, իսկ 33-ը` Շալքէի հետ:
CATEGORIES Մարզական


