ՓԱՌԱՀԵՂ ԵՒ ՀԱՅԱԲՈՅՐ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին, կիրակի, 13 նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գեղարուեստական փառահեղ եւ հայաշունչ «Հայաստան ասելիս….» երեկոն` մասնակցութեամբ Թամար Տօնապետեանի (ասմունք), Սոնա Գալթակեանի (ջութակ), Թալին Գըլըպոզեանի (դաշնամուր), Այլին Հերոսեանի (սոփրանօ), Մատիանա Թորոսեանի (քանոն), Ջիվան Ստեփանեանի (տուտուկ), Լոռի Նաճարեանի (պար) եւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին. ներկայ գտնուեցան հայ մշակոյթի արեւով ապրող շուրջ 300 հայորդիներ:
Գեղարուեստական ճաշակով կազմուած յայտագիրը բաժնուած էր չորս մասերու. 1) Լեռներ հայրենի, 2) «Հայաստան ասելիս…», 3) «Եղեռն եւ վերածնունդ» եւ 4) «Իմ արմատները…»: Յայտագիրը գործադրութեան դրուեցաւ շնորհալի եւ տաղանդաւոր ասմունքող Թամար Տօնապետեանի` Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» խորիմաստ բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, ապա` Գէորգ Էմինի «Ա՜խ այս Մասիսը» բանաստեղծութեան արտասանութեամբ, դաշնամուրով անոր կ՛ընկերակցէր Թալին Գըլըպոզեանը, որ նուագեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»-ը, դաշնամուրի ձեւաւորում` Գ. Սարաջեանի: Շարունակելով, Թամար Տօնապետեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հանճարեղ խելագարը» բանաստեղծութիւնը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Թալին Գըլըպոզեանի (Choral Prelude in F. Minor, J.S. Bach): Ասմունքներուն յաջորդեց «Ղարաբաղի եղնիկ»-ը` շնորհալի պարող Լոռի Նաճարեանի կատարողութեամբ` բեմադրութիւն` Վանուշ Խանամիրեանի:
Ապա երկրորդ մասով սքանչելի ասմունքող Թամար Տօնապետեան յաջորդաբար ներկայացուց Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» եւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածները` ապրումով, հիանալի առոգանութեամբ եւ տպաւորիչ արտայայտչականութեամբ: Տաղանդաւոր ասմունքողը իր գեղարուեստական կենսագրութեան մէջ կ՛ըսէ. «Սիրահարն եմ մեր մշակոյթին, յատկապէս` մեր լեզուին ու գրականութեան: Պատահական չէ այս մէկը. լուսահոգի հայրս` Գէորգ (Ճորճ) Տօնապետեանը, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս թէ՛ որպէս դաստիարակ եւ թէ՛ որպէս հայ լեզուի ու գրականութեան անդրդուելի նուիրեալ: Ասմունքելու կարողութիւնս յայտնաբերած են ծնողներ, մեծ հայրս` լուսահոգի Տիգրան Թոգմաքճեանը եւ շատ սիրելի վարժարանիս` Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մէջ դասաւանդող նուիրեալ ուսուցիչներս. բոլորին ցկեանս երախտապարտ պիտի մնամ: Պատանի տարիքիս, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը աւարտելէ ետք, ընտանեօք փոխադրուած ենք Թորոնթօ, ուր երկրորդական եւ համալսարանական ուսումս ամբողջացուցած եմ` արժանանալով «Public Administration & Governance»-ի պսակաւոր արուեստից եւ հետագային` վարչագիտութեան մագիստրոս վկայականներուն»:
Յայտագրին երկրորդ մասը շարունակելով` Էտկար Պաղտասարեանի «Nocturne»-ը (ցայկերգ) նուագեցին Սոնա Գալթակեան (ջութակ) եւ Թալին Գըլըպոզեան (դաշնամուր): Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Թամար Տօնապետեան` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեանի «Prelude» (նախերգանք) Առնօ Բաբաջանեանէն: Թալին (Արթինեան) Գըլըպոզեան ծնած է Դամասկոս: Փոքր տարիքէն հետեւած է Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի դասընթացներուն, ապա մեկնած է Երեւան, ուր կատարելագործած է իր երաժշտական մասնագիտութիւնը, տեղւոյն Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Ներկայիս, դաշնամուրի դասեր կը մատուցէ: Լոռի Նաճարեանի բեմադրութեամբ «Տօնական Հայաստան» պարով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը: Լոռի Նաճարեան Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի պարարուեստի ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» պարախումբի պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարն է: Ծնած է Թորոնթօ: Փոքր տարիքէն հետեւած է պալէի եւ ճազի դասընթացներուն. վկայուած է որպէս դասատու` նոյն մարզերուն մէջ: Հետեւած է Երեւանի պարարուեստի պետական ուսումնարանի դասընթացներուն` մասնագիտանալով պալէի եւ հայկական պարի մէջ:
Յայտագրին երրորդ մասը` «Եղեռն եւ վերածնունդ», սկսաւ 10 վայրկեան դադարէ յետոյ: Թամար Տօնապետեան յաջորդաբար ասմունքեց Սիամանթոյի «Խեղդամահ» եւ Դանիէլ Վարուժանի «Հայհոյանք» բանաստեղծութիւնները` ջութակով ընկերակցութեանբ Սոնա Գալթակեանի, որ նուագեց Էդկար Յովհաննիսեանի «Յուշեր» կտորը: Ապա Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն ջութակով նուագեց Սոնա Գալթակեան եւ դաշնամուրով` Թալին Գըլըպոզեան:
Ջութակահար Սոնա Գալթակեան ծնած է Երեւան, ջութակի դասընթացքի սկսած է 6 տարեկանին, Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ, ապա աւարտած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը` արժանանալով մագիստրոսի վկայականին որպէս համերգային կատարող եւ ուսուցիչ: Աշխատակցած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին եւ Երեւանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբին, 2006-ին հաստատուած է Թորոնթօ: Ներկայիս ջութակի դասեր կը մատուցէ:
Թամար Տօնապետեան խոր ապրումով ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» բանաստեղծութիւնը, մինչ ցուցադրուեցաւ «Դէպի Երկիր» տեսերիզը (Ալին Տօնապետեանի եւ Յակոբ Գուզուեանի), որ խոր տպաւորութիւն ձգեց հանդիսականներուն վրայ, ներկայ Հայաստանի, Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքները, վանքերը եւ մեզմէ խլուած հողերը ցուցադրելով:
Յայտագրին չորրորդ մասը սկսաւ Թամար Տօնապետեանի կողմէ արտասանուած` Սարմենի «Ինձ մեր սարերն են կանչում» քերթուածով` շվիի ընկերակցութեամբ` Ջիվան Ստեփանեանի, որ նուագեց Կոմիտասի «Կաքաւիկ» կտորը: Երիտասարդ Ջիվան Ստեփանեան ծնած է Թորոնթօ: Փոքր տարիքէն բազմաթիւ երաժշտական գործիքներ նուագած է, ներառեալ` դաշնակն ու աւագափողը: Հինգ տարիներէ ի վեր տուտուկ, շվի եւ զուռնա կը նուագէ «Հորովել» խումբին մէջ: Աւարտական տարուան աշակերտ է «Եորք» համալսարանին մէջ. կը հետեւի երաժշտութեան եւ ուսուցչութեան զոյգ ճիւղերուն: Խօսք` Աւետիք Իսահակեանի, «Պինկէօլ» երգը երգեց Այլին Հերոսեան քանոնի ընկերակցութեամբ Մատիանա Թորոսեանի եւ շվիի ընկերակցութեամբ Ջիվան Ստեփանեանի, որուն յաջորդեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Մախմուր աղջիկ» երաժշտութիւնը` կատարողութեամբ` Մատիանա Թորոսեանի: Քանոնահար Մատիանա Թորոսեան ծնած է Իրաք. փոքր տարիքէն բազմաթիւ երաժշտական գործիքներ կը նուագէ իր նախասիրած գործիքին` քանոնի կողքին, ներառեալ` տաւիղը, դաշնակն ու ջութակը: 2006-ին հաստատուած է Թորոնթօ: «Եորք» համալսարանին մէջ առաջին տարեշրջանի աշակերտ է, ուր կը հետեւի երաժշտութեան ճիւղին: Մաս կը կազմէ «Հորովել» խումբին եւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Ապա Այլին Հերոսեան իր սրտառուչ ձայնով երգեց «Քելէ լաօ» սասունցիներու իրենց երկրին կարօտը արտայայտող երգը` տուտուկի ընկերակցութեամբ` Ջիվան Ստեփանեանի: Որպէս երգչուհի ապագայ խոստացող Այլին Հերոսեան ծնած է Իրան. պատանի տարիքին հաստատուած է Թորոնթօ: Համալսարանական ուսումը աւարտած է` արժանանալով քիմիագիտութեան եւ կենդանաբանութեան մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականին: Ձայնամարզութեան հետեւած է «Ռոյըլ քոնսերվաթըրի աֆ միուզիք»-ին մէջ. մաս կը կազմէ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Տաղանդաւոր ասմունքող Թամար Տօնապետեան յուզումնահար կշռոյթով, արմատներով սասունցիական զգացումներով ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Քելէ լաօ» բանաստեղծութիւնը: Ապա ան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը», հպարտութեամբ եւ հրճուանքով, ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբի երիտասարդ անդամներուն, որոնք ներկայացուցին Սասունցիներու հերոսածին «Եարխուշտա» պարը` խոր հասկացողութեամբ բեմադրուած Լոռի Նաճարեանի կողմէ:
Յայտագրի վերջաւորութեան, մասնակցողները բեմ հրաւիրուեցան` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Արշօ Արապաթեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն, բեմայարդար` Մատլէն Մովսէսեանին, տեսերիզը պատրաստողներուն, ձեռնարկը կազմակերպելու օգնողներուն, եւ մանաւանդ` ներկայ ժողովուրդին, որոնք եկան պանծացնելու հայ մշակոյթը եւ քաջալերելու երիտասարդ արուեստագէտները:
Բոլոր մասնակցողները արժանացան ծաղկեփունջերու եւ ծաղիկներու: Ներկաները գաւիթին մէջ հիւրասիրուեցան սուրճով եւ կարկանդակով, միեւնոյն ատեն դիտեցին Համազգայինի կերպարուեստի աշխատանոցի դասընթացներուն հետեւողներուն ստեղծագործութիւնները: Պէտք է հպարտութեամբ խոստովանիլ, որ ներկայ եղանք Համազգայինի առաքելութիւնը արդարացնող պատուաբեր գեղարուեստական ձեռնարկի մը, որուն կարօտը ունէինք երկար ատենէ ի վեր: Շնորհաւորելի են կազմակերպողները, յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտները, մանաւանդ` շնորհալի ասմունքող Թամար Տօնապետեանը: Վարձքերնիդ կատա՛ր, Համազգայինի զինուորագրեալներ:
