ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան հետ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններուն, եռանդուն կերպով զարգացող փոխադարձ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ` ընդգծելով միջխորհրդարանական ձեւաչափի կարեւորութիւնը:
Կողմերը գոհունակութեամբ նշեցին, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է յուլիս 2010-ին սկսած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ: Ընդգծուեցաւ, որ մինչեւ այսօր բանակցութիւններ կ՛ընթանան եւ ժամանակաւորապէս փակուած են ապագայ համաձայնագիրի ոլորտային համագործակցութեան առնչուող 22 գլուխները, ինչպէս նաեւ յառաջընթաց արձանագրուած է քաղաքական երկխօսութեան եւ բարեփոխումներուն, արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան, արդարադատութեան մարզերուն մէջ:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան որոշումը Հայաստանի հետ խոր եւ համապարփակ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին բանակցութիւններուն սկզբնաւորման վերաբերեալ: Այդ առումով նշուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ նախապատրաստական լուրջ բարեփոխումներ իրականացուեցան եւ էական արդիւնքներ արձանագրուեցան շարք մը ասպարէզներուն մէջ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին ներկայ հանգրուանը: Շեշտուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի համապատասխան լիազօրութիւն եւ հարուստ միջնորդական փորձառութիւն ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային շարք մը հարցեր: