ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքինը:
Շնորհաւորելով ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավարը իր նոր պաշտօնին համար, վարչապետը անոր մաղթեց յաջող եւ բեղմնաւոր աշխատանք: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է փոխադարձ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հարցով:
Իր կարգին Սորոքին բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի աշխուժ գործունէութիւնը եւ վստահեցուց, որ գրասենեակը անձնակազմին հետ միասին ջանք կը գործադրէ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը խորացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի մէջ ընտրական հոլովոյթին կատարելագործման հարցին մէջ համագործակցութեան շուրջ: Վարչապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գործունէութիւնը օրէնսդրական դաշտի բարեփոխումներու, սեռային հաւասարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մարզերուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն մէջ: