ԹԵՔՍԱՍԻ ՆԱՀԱՆԳԻ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ԽՈՋԱԼՈՒԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ

Մարք Շելըթն

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեքսասի նահանգային օրէնսդիր մարմինը որդեգրած է նահանգային ներկայացուցիչ Մարք Շելըթնի կողմէ պատրաստուած թիւ 12Ռ448 բանաձեւը, որ կը վերաբերի Խոջալուի ջարդերու 20-ամեակին:

Ըստ բանաձեւին, 26 փետրուար 2012-ը ամբողջ աշխարհի տարածքին ազրպէյճանցիներու համար յիշատակի օր մըն է: «Ջարդը տեղեկագրուած էր ամերիկեան գլխաւոր հրատարակութիւններու կողմէ եւ «Հիումըն Ռայց Ուոչ/Հելսինքի» կազմակերպութեան կողմէ նկարագրուած է», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Ազրպէյճանական սփիւռքի կազմակերպութիւնները ողջունեցին նշեալ բանաձեւը, որ Թեքսասի նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Խոջալուի ջարդերուն շուրջ որդեգրուած երկրորդ որոշումն է: Առաջին որոշումը որդեգրուած էր 3 մարտ 2011-ին:

Share this Article
CATEGORIES