ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՇԻՔԱԿՕ ՊՈՒԼԶ` ՑԱՐԴ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ
Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզ արձանագրեց իր 26-րդ յաղթանակը (ցարդ` լաւագոյնը)` 90-79 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տերըն Ուիլիըմզ (38 կէտ), երբ անոր կազմը` Նիւ Ճըրզի Նեթց 100-92 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսի:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մավըրիքս, Սփըրզ, Լէյքըրզ եւ ուրիշներ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս 90-79
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Ճըրզի Նեթց 92-100
Տալաս Մավըրիքս – Պոսթըն Սելթիքս 89-73
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 97-93
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք 90-93
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Օրլինզ 101-93
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ 103-101
Ֆէոնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 104-88
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 102-106
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-97
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 103-92
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
