«ԱԶԴԱԿ»` ՈՒԹՍՈՒՆՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ. ՈՒԹՍՈՒՆՀԻՆԳ ՏԱՐԻ` ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ, իր ուրոյն տեղն ու դերը ունի «Ազդակ» օրաթերթը: Անիկա իր անփոխարինելի ներդրումն ու ազդեցութիւնը ունեցած է ոչ միայն լիբանանահայ, այլ նաեւ հայ հասարակական, քաղաքական, կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

*
*   *

Մամուլը անգնահատելի դեր ունեցած է հայ մշակոյթի զարգացման մէջ: Հայ մտաւորականութեան համար ան եղած է դարբնոց, համախմբման ուրոյն միջավայր: Մամուլին շնորհիւ շատ մը մտաւորականներ փայլած են հայ մշակոյթի երկնակամարին տակ, եւ մամուլէն լոյս տեսած են գրական, պատմական, գիտական եւ նաեւ թարգմանական շատ մը ստեղծագործութիւններ: Մամուլը անփոխարինելի արխիւ է հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան եղաւ հայ անդրանիկ պարբերականին` «Ազդարար»-ի հիմնադիրը, 1794-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ: Երախտարժան քահանան միայն երկու տարի կրցաւ կանգուն պահել

«Ազդարար»-ը, բայց անփոխարինելի ժառանգութիւն ձգեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ. յիշենք միայն «Ազդարար»-ի մէջ լոյս տեսած Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի ուղերձներն ու նամակները: Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»-ը եղաւ Րաֆֆիի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Սմբատ Շահազիզի եւ այլոց գրական դպրոցը: Թիֆլիսի «Մշակ»-ը` Գրիգոր Արծրունիի գլխաւորութեամբ, արեւելահայ հասարակական գործիչներու ու մտաւորականներու համախմբման կեդրոնը դարձաւ, ուր փայլեցան Պերճ Պռոշեան, Ղազարոս Աղայեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Շիրվանզադէ, Վրթանէս Փափազեան եւ այլք. հոնկէ լոյս տեսան Րաֆֆիի գլուխ գործոց ստեղծագործութիւնները:

Զմիւռնահայ «Արշալոյս Արարատեան»-ը, իր բազմաբովանդակ նիւթերով, 1840-1887 տարիներու հայոց պատմութեան հարազատ տարեգրութիւնն է. այդ նիւթերը սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն: Պոլսահայ թերթերէն «Ծաղիկ»-ի մէջ փայլեցան Արշակ Չոպանեան, Տիրան Չրաքեան, Ռուբէն Զարդարեան, Լեւոն Բաշալեան, Զապէլ Եսայեան, Հրանդ Ասատուր, Ռուբէն Որբերեան, Թլկատինցի, Ռեթէոս Պէրպէրեան եւ Թէոդիկ. հոնկէ լոյս տեսան Լեւոն Շանթի «Մնաս Բարովի Իրիկուն» վէպը եւ այլ գործեր: «Թատրոն»-ը եւ «Մեղու»-ն Յակոբ Պարոնեանի գրական ժառանգութեան անքակտելի մասը կը կազմեն: «Մասիս»-ը գրական հարուստ ժառանգութիւն աւանդ ձգեց, ուր իրենց կնիքը դրին Արփիարեան, Զօհրապ, Պարոնեան, Կամսարական, Բաշալեան, Օտեան, Սիպիլ եւ Չոպանեան: «Երկրագունտ»-ը, որուն գլխաւոր խմբագիրները եղան Յակոբ Պարոնեան եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, հայ գրականութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ պատմական, աշխարհագրական, գիտական, մանկավարժական ու դաստիարակչական լուրջ ուսումնասիրութիւններու աւանդ ձգեց: Յիշենք նաեւ 1843-էն լոյս տեսնող Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ»-ը եւ 1887-էն լոյս տեսնող Վիեննական Մխիթարեաններուն «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն:

Հայաշատ ոստաններէն լոյս տեսնող թերթերն ու պարբերականները հայ դպրութեան, գիտութեան ու մշակոյթի լոյսը տարածեցին ժողովուրդին մէջ, հասան մինչեւ հեռաւոր գաւառներ եւ մեծապէս նպաստեցին ազգային արժէքներու ու ինքնագիտակցութեան ճանաչման եւ ինքնազարգացման:

*
*   *

Յետեղեռնեան շրջանին, երբ Լիբանան ապաստան գտած գաղթական եւ առհասարակ թրքախօս ժողովուրդին մեծամասնութիւնը խռնուած էր թիթեղաշէն խեղճուկրակ գաղթակայաններու մէջ, երբ տակաւին նոր սկսած էին վերակազմուիլ ազգային ու եկեղեցական մարմիններ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, երբ վրանաքաղաքներուն մէջ նոր կը հիմնուէին ու կը բացուէին եկեղեցի եւ դպրոց, նախախնամութեան տնօրինութեամբ, Հայկ Պալեանի նախաձեռնութեամբ ծնունդ կ՛առնէր «Փիւնիկ»-ը յետոյ` «Նոր Փիւնիկ»-ը, որ անուանափոխուեցաւ եւ 1927-ին սկսաւ հրատարակուիլ իբրեւ «Ազդակ»:

Նիւթական, արհեստագիտական, մարդուժի եւ այլեւայլ բազում դժուարութիւններ դիմագրաւելով «Ազդակ» հայ գաղթականին, հայ հասարակութեան համար եղաւ դպրոց, ազգային կեանքը համակարգելու եւ միաւորելու գործին մէջ անփոխարինելի դեր ունեցաւ (միւս թերթերու կողքին), մտքի ու հոգիի անսպառ սնունդ ներարկեց, կեանքի դժուարութիւններն ու արհաւիրքները դիմագրաւելու կամք կոփեց, ազգային վերականգնումի, վերազարթնումի յոյս ներշնչեց, հայապահպանման առաքելութեան առաջամարտիկը եւ ազգային պահանջատիրութեան պայքարի դրօշակակիրը դարձաւ:

«Ազդակ»-ի շուրջ համախմբուեցան հոյլ մը մտաւորականներ, անմահանուն գրիչներ, ժրաջան ու նուիրեալ աշխատակիցներ, որոնք լուրջ յօդուածներով, ուսումնասիրութիւններով, գրական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային վերլուծումներով գոյն ու դիմագիծ տուին թերթին եւ նոր հորիզոններ բացին հայ մտքի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ: Միշտ հաւատարիմ հայապահպանման առաքելութեան` անոնք բացառիկ բծախնդրութիւն ցուցաբերեցին հայ լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ, աննահանջ պայքար մղեցին օտարոտի երեւոյթներուն եւ ձուլման դէմ, հաւասարակշռուած եւ անաչառ տեղեկատուութեամբ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ հայութիւնը հաղորդ պահեցին ազգային ու միջազգային, քաղաքական եւ տնտեսական  նորութիւններուն ու վերիվայրումներուն:

Ութսունհինգ տարիներէ ի վեր պատնէշի վրայ, «Ազդակ»-ի ծաւալին, բովանդակութեան եւ ձեւաւորման մէջ ժամանակի ընթացքին մեծ փոփոխութիւններ կատարուած են: Իր տեղական, ազգային, հայաստանեան եւ քաղաքական լուրերով, գրական, մշակութային, արուեստի, կնոջական, մանկապատանեկան, Հայ դատի եւ այլազան ու ընդհանուր զարգացման նպաստող բովանդակութեամբ նիւթերով, քայլ պահեց ժամանակի հոլովոյթին եւ օրուան հետ, եւ միշտ մնաց օրինակելի մամուլ:

«Ազդակ» համագաղութային օրաթերթ է, ունի ազգային դիմագիծ եւ քաղաքական ուղեգիծ: Ունի իր մնայուն եւ հաւատարիմ ընթերցողները` Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն: «Ազդակ» շատերու համար եղած է դպրոց, ինքնազարգացման աղբիւր, եւ շատեր հայերէն սորված են թերթ կարդալով: Մեծ թիւով անձեր  հրապարակագրութեան եւ գրական ասպարէզ նետուած են «Ազդակ»-ի շնորհիւ: Կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել նաեւ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները, շնորհիւ թերթին հարուստ բովանդակութեան, միշտ գոհացած են անով եւ ընդհանրապէս տեղական այլ թերթի կարիքը չեն զգացած իրենց հետաքրքրութեանց ծարաւը յագեցնելու համար:

«Ազդակ» լիբանանահայ եւ ընդհանուր առմամբ հայ կեանքի, ինչպէս նաեւ հայերէնի լեզուամտածողութեան հոլովոյթի ուսումնասիրութեան անփոխարինելի արխիւ է: Ութսունհինգ տարուան տարեգրութիւն մը` իր բազմաթիւ ելեւէջներով ու վերիվայրումներով: Գրական, մշակութային, քաղաքական, վերլուծական, հասարակական եւ հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներու ու այլեւայլ նիւթերու վերաբերեալ անգին գանձեր անթեղուած են թերթին ութսունհինգ տարուան հաւաքածոներուն մէջ: Նշենք նաեւ «Ազդակ»-ի հարուստ բացառիկներն ու յաւելուածները, նաեւ` կայքէջը` տարբեր լեզուներով ու բնոյթի:

*
*   *

«Ազդակ»-ի ութսունհինգամեակին առիթով, խմբագրութիւնը իր առջեւ դրաւ թերթին պատմութիւնը, ութսունհինգ տարուան երթը պատրաստելու ծրագիրը: Սկսելով թերթի ծննդոցի օրերէն` պիտի ներկայացնենք առաջին տարիներուն անոր դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւնները, այնուհետեւ` տպագրութեան աստիճանական զարգացման իրերայաջորդ հանգրուանները: Գիրերը մէկ-մէկ ձեռքով շարելու ժամանակաշրջանէն անցնելով կապարի դարը եւ ձեռքի փոքր մեքենայէն հասնելով ինքնատիպ մեքենային: Աշխատանքի ձեւի եւ պայմաններու հանգրուանային փոփոխութիւններ եղած են: Յիշելով մտքի ու գրչի հին երախտաւորները, գրաշարները, էջադրողներն ու տպագրիչները, պիտի հասնինք մինչեւ ներկայ հանգրուանը:

«Ազդակ»-ի ութսունհինգ տարուան պատմութեան մէջ կ՛արտացոլայ լիբանանահայ, եւ ընդհանուր առմամբ հայ կեանքին ութսունհինգ տարիներու տարեգրութիւնը: Գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներու պատմութեան վերաբերեալ անգնահատելի տեղեկութիւններ կան հոն: Նաեւ` Եղեռնի մասին հարուստ նկարագրութիւններ եւ գաղթականներու կեանքէն առնուած հարուստ պատկերներ: Քէմփերու կազմաւորման վերաբերեալ տեղեկութիւնները սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն: Տարապայմանօրէն խճողուած այդ վրանաքաղաքներուն մէջ, կողք-կողքի ապրող ատանացիներու, այնթապցիներու, մարաշցիներու, եոզկատցիներու, սսեցիներու եւ թոմարզացիներու կենցաղին, հոգեբանութեան ու փոխյարաբերութեան ուսումնասիրութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ պահպանուած են: Կեանքի դժուարութիւնները, օրուան սնունդ մը ապահովելու ի խնդիր հայ մարդուն դիմագրաւած դժուարութիւնները տեղ գտած են տարբեր յօդուածներու մէջ: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն նաեւ ազգային, եկեղեցական ու հասարակական մարմիններու կազմակերպման ու գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան տեղական եւ միջազգային լուրերուն մէջ: Լիբանանի եւ Սուրիոյ անկախութիւններուն եւ հետագայ տարիներու ամբողջ ժամանակագրութիւններ կայ հոն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան լրիւ տարեգրութիւնը կայ «Ազդակ»-ին մէջ: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն մանաւանդ խմբագրականները, նաեւ` Հայ դատի, պահանջատիրութեան, արցախեան շարժման, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու վերլուծական յօդուածները: Յիշենք նաեւ թերթի էջերուն մէջ ցրուած պատմական, աշխարհագրական, գրական, գեղարուեստական, գիտական, մարզական եւ ընդհանուր զարգացման նպաստող բազմաթիւ յօդուածները, որոնք իրենց կարգին մեծ աւանդ կը ներկայացնեն: Յիշատակութեան արժանի են թերթօնները, առանձին հրատարակութիւնները, բացառիկները եւ յաւելուածները («Անահիտ», «Պզտիկ-Մզտիկ», «Նաւասարդ», «Ազդակ ամսաթերթ», «Ազդակ գրական»), ինչպէս նաեւ ութսունամեակին առիթով հաստատուած եւ հետեւողական պարբերականութեամբ կազմակերպուող լսարանները:

Տակաւին թերթը ունի իր իւրայատուկ աշխատելաձեւը թերթի հրատարակութեան նախորդող օրն ու նոյնիսկ գիշերը տեղի ունեցած ձեռնարկներուն եւ հանդիսութիւններուն շատ արագ ու թարմ արձագանգը ըլլալու: Թերթին թղթակիցները ներկայ էր ամէնուրեք եւ բոլոր ժամանակներուն, որպէսզի առանց յապաղումի անդրադարձներ կատարեն յաջորդ օրն իսկ:

Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ միշտ ձգտելով լաւագոյնին` «Ազդակ» ութսունհինգ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր գոյերթը վերանորոգ թափով ու ժրաջան ներդրումով: Խմբագիրներ, սրբագրիչներ, թղթակիցներ, գրաշարներ, էջադրողներ, տպագրիչներ ու վարչական բաժնի աշխատակիցներ մեղուաջան գործունէութեամբ, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

85 տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած  է, սերունդներ իրենց յաջորդող սերունդներուն յանձնած են ջահը, բայց մնացած ու պահպանուած է յանձնառու եւ ազգանուէր օրկան մը ըլլալու աւանդը, որով կը շարունակուի երթը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES