ԸՍՏ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՄԱՆ ԱՐՇԱՒԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՑԱԾ Է

Պահրէյնեան ընդդիմութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Պահրէյն աշխուժացուցած է համացանցի գործիչներու եւ շիիներու ձերբակալման արշաւը, որուն ծիրին մէջ ժողովրդավարութիւն պահանջող ցոյցերու ճնշումէն ի վեր երեք հարիւր անձեր ձերբակալուած են, իսկ տասնեակներու հետքը կորսուած է: Պահրէյն այս ամսուան սկիզբը երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատած էր:

Գործիչներ եւ քաղաքագէտներ կը յայտնեն, որ  բարեփոխումներու արշաւ տանող հետզհետէ աւելի մեծաթիւ գործիչներ կը թաքնուին: Շիի մեծագոյն կուսակցութեան` Ուիֆաքի տուեալներով մինչեւ չորեքշաբթի օր 302 անձեր ձերբակալուած են, սակայն կուսակցութիւնը կը հաւատայ, թէ այդ թիւը շուտով 400-ի պիտի բարձրանայ:

Պահրէյնի կառավարութիւնը այս շաբաթ յայտնեց, որ կը շարունակէ յանձնառու մնալ երկխօսութեան, սակայն նախ եւ առաջ շաբաթներ տեւած խռովութիւններէ ետք երկրին մէջ ապահովութիւնը պէտք է վերականգնի: Ուիֆաքի անդամներէն Ժասիմ Հիւսէյն կը յայտնէ, որ կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը տակաւին կարելի է, սակայն կառավարութիւնը պէտք է լուրջ շարժի, եթէ կ՛ուզէ իբրեւ ելեւմտական կեդրոն Պահրէյնի դերակատարութիւնը փրկել: «Որքան ուշացնեն, այդքան այդ մէկը մեր մրցակիցներուն կը նպաստէ: Սպասելը ի վնաս մեզի է», նշեց ան:

Share this Article
CATEGORIES