ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԸՆԴՅԱՏԱԿԵԱՅ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆՆ ՈՒ ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ

Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարարը

Լիպիացի ըմբոստները ամերիկեան ընդյատակեայ զօրակցութենէն եւ Քազզաֆիի արտաքին գործոց նախարարի դասալքութենէն թէ, քաջալերուած եւ թէ՛ մտահոգ, երէկ վերակազմակերպուեցան Քազզաֆիի ուժերուն դէմ հակայարձակում մը շղթայազերծելու համար:

Ըմբոստներու բանբեր Մուսթաֆա Ղերիանի Պենկազիի մէջ յայտնեց, որ «Քազզաֆիի վարչակարգին քանդուիլը սկսանք տեսնել»: Սակայն ան զգուշացաւ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Մուսա Քուսան ըմբոստներու շարքերուն մէջ ողջունելէ:

Ըստ վերլուծաբաններու, չորեքշաբթի օր Լոնտոն փախուստ տուած Քուսայի դասալքութիւնը մեծ հարուած մըն է Քազզաֆիին եւ կրնայ ականահարել վերջերս գետնի վրայ անոր ուժերուն արձանագրած ձեռքբերումները, սակայն Քազզաֆիի վարչակարգին կողմէ աւելի մեծ բռնարարքներու վտանգը չի նուազեցներ:

Այն տեղեկութիւնը, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Լիպիոյ մէջ ընդյատակեայ գործողութիւնները արտօնող հրամանագիր մը ստորագրած է, լիպիացի ըմբոստներուն աւելի մեծ օժանդակութեանց հեռանկարը յառաջացուց: Մասնագէտներ կը յայտնեն, որ մասնայատուկ ուժեր օդային հարուածներ ուղղելու նպատակով արդէն իսկ գետնի վրայ կը գտնուին, սակայն Ուաշինկթընի կողմէ այդ իրողութեան հաստատումը կրնայ յաւելեալ առնչուածութեան կամքի ցուցանիշը ըլլալ: Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Մայքըլ Մալլըն երէկ Լոնտոնի մէջ յայտարարեց. «Մենք Լիպիոյ մէջ ընդյատակեայ եւ բացայայտ գործողութիւններ կը կատարենք»:

Ըմբոստները յայտնեցին, որ օտար ուժերու պէտք եղածէն աւելի մեծ առնչուածութիւնը վնասակար պիտի ըլլայ: «Ատիկա պիտի ականահարէ մեր հաւաստիութիւնը», նշեց Ղերիանի:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց դասալիք նախարար Մուսա Քուսային անձեռնմխելիութիւն պիտի չշնորհուի, սակայն լիպիացի այլ պաշտօնատարները քաջալերեց հետեւելու Քուսային օրինակին:

Զինուորական գետնի վրայ, մինչ Պրիքայի մէջ բուռն բախումներ կ՛արձանագրուէին, ֆրանսական բանակը յայտարարեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդուժէն կործանիչներ հասած են Սարտենիոյ մէջ զօրակայան մը` մասնակցելու համար Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ամրապնդման գործողութիւններուն:

Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային խորհուրդը իբրեւ երկրին միակ օրինական իշխանութիւնը ճանչցած միակ արաբական երկիրին` Քաթարի իշխան Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարութեան մը մէջ արաբներու մտահոգութիւնները արտայայտելով ընդգծեց, որ տագնապը ներքին հարց մըն է: «Լիպիական հարցը քաղաքայինները պաշտպանելու մարդասիրական հարց մըն է եւ ոչ այլ բան: Ուստի լիպիացի ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ իր ապագան»:

 

Share this Article
CATEGORIES