ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ

Տօներ, տարեդարձներ, անուանակոչութիւն… Ահաւասիկ հաճելի եւ ուրախ առիթներ` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ, ինչո՛ւ չէ, նուէրի մը ճամբով պատգամ մը փոխանցելու:

Ձեզի համար նուէր մը ընտրելն ու գնելը հաճո՞յք, տաղտո՞ւկ, թէ՞ պարտականութիւն է: Նուէրի գաղափարը ձեւակա՞ն կը գտնենք, թէ՞ մարդկային կապերը աւելի եւս ամրապնդող միջոց: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Ձեր կարծիքով, նուէր մը պէտք է ըլլայ

ա.- Մեծ եւ տպաւորիչ
բ.-Անսովոր եւ իւրայատուկ
գ.- Պարզ եւ խորհրդանշական

2

Ձեր կարծիքով, նուէրը

ա.- կ՛արտացոլէ մեր միտքը եւ զգացումները
բ.- խորհրդանիշ մըն է:
գ.- ազնիւ արարք մըն է:

3

Նուէր մը ընտրելու համար

ա.- մինչեւ մսխում կ՛երթաք:
բ.- գինն ու արժէքը կշիռքի մէջ կը դնէք…
գ.- ամէնէն աժանը կ՛ընտրէք:

4

Ի՞նչ հակազդեցութիւն կը սպասէք նուէր ստացող անձէն

ա.- «Սքանչելի՛ է»:
բ.- «Շատ գործնական է»:
գ.- Շնորհակալ եմ»:

5

Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք նուէր մը:

ա.- Առնուազն տասը խանութ կ՛այցելէք:
բ.- Գիտէք ուր կը վաճառուին յարմարագոյն նուէրները:
գ.- Համացանցի վրայ կը փնտռէք:

6

Ձեր մտադրած նուէրը արդէն սպառած է շուկայէն. ի՞նչ կ՛ընէք:

ա.- Ուրիշի մը մասին կը մտածէք:
բ.- Տարբեր մասնաճիւղեր կը դիմէք:
գ.- կը զայրանաք, քանի որ ստիպուած էք այլ ընտանիքի մը մասին մտածել:

7

Չսիրեցիք ձեր ստացած նուէրը:

ա.- Թէեւ չէք հակազդեր, բայց ձեր յուսախաբութիւնը յստակ է:
բ.- Կը փորձէք նուէրին լաւ երեսը տեսնել:
գ.- Ուրախ կը ձեւանաք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, նուէր ընտրելն ու նուիրելը հաճոյք են ձեզի համար: Նաեւ ունիք այն մեծ առաւելութիւնը, որ լաւ կը ճանչնաք ձեր դիմացինը, ծանօթ էք անոր ճաշակին, նաեւ լաւ ծանօթ էք շուկային եւ, բնականաբար, հաճոյքով կ՛երթաք, կը փնտռէք ու կը գնէք ձեր մտքէն անցածը:

Նուէրի ընտրութեան ատեն, գինէն աւելի, կը մտածէք նուէրին տալիք հաճոյքին մասին, ստացողին հակազդեցութեան եւ ձեր գոհունակութեան մասին: Սակայն ուշադիր, շատ թանկարժէք նուէրը կրնայ նեղ կացութեան մատնել դիմացինը, մանաւանդ եթէ միջոցը չունի նոյն ձեւով փոխադարձելու:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ստեղծագործ միտք ունիք եւ նուէրի մը ընտրութիւնը ուղղակի վայելք է ձեզի համար: Լաւ կազմակերպուած անձ էք, ձեր ժամանակը կ՛առնէք, որպէսզի յարմարագոյնը ընտրէք ամէ՛ն իմաստով:

Յաճախ ձեր նուէրները հաճոյք կը պատճառեն եւ կը զարմացնեն, բայց մանաւանդ կը բաւարարեն ձեզ:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կը սիրէք տօնական հաւաքոյթները, ինչպէս նաեւ` տարեդարձի եւ անուանակոչութեան հետ կապուած հանդիպումները: Բայց արդիւնքը բաւարար կը համարէք եւ աւելորդ կը գտնէք շուկայէ շուկայ թափառումները եւ մտքի չարչարանքները` նուէրի մը համար:

Նուիրելը, հաճոյքէ աւելի, պարտականութիւն է ձեզի համար եւ շատ յաճախ` տաղտկալի պարտականութիւն:

 

ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՆՈՒՆԴԸ

ՉՈՐ ՊՏՈՒՂՆԵՐ

«Չիր ու չամիչ կերէք, երբ կը զգաք անօթութեան անդիմադրելի պահանջ», խորհուրդ կու տան սննդագէտները: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ 100 կրամ չոր պտուղը կը պարունակէ 220-300 ջերմուժ, որ յատկապէս նկատի պէտք է ունենան գէր եւ սննդականոնի հետեւող անձերը:

Պտուղները չորցուելու միջոցին կը կորսնցնեն իրենց պարունակած ջուրին 70 առ հարիւրը` դառնալով ջերմուժով աւելի հարուստ, քան` թարմ պտուղները: Անոնք հարուստ են կլուքոզով եւ ֆրուքթոզով, ի տարբերութիւն անուշեղէնի` չեն պարունակեր ներկանիւթեր եւ արհեստական յաւելումներ: Չոր պտուղները հարուստ են նաեւ բնաթելերով, հանքային նիւթերով, կը պարունակեն փոթասիում եւ մակնեզիոմ  3 – 6 անգամ աւելի, քան` թարմ պտուղները: Չոր պտուղները հարուստ են Պէ. խումբի կենսանիւթերով, ի տարբերութիւն թարմ պտուղներու, որոնք հարուստ են Սէ. կենսանիւթով: Ծիրանի եւ սալորի չիրերը ոչ միայն կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, այլ կը մաքրեն աղիքները: Սեւ սալորաչիրը յայտնի է աղիքներու գործունէութիւնը խթանող միջոց: Այդ նպատակով նախընտրելի է առաւօտեան ուտել երեկոյեան ջուրի մէջ թրջուած սալորաչիրերը: Արեւու տակ չորցուած սեւ սալորաչիրը նախընտրելի է ծծումբով չորցուածէն, քանի որ անիկա ստամոքսի մէջ խմորում չի յառաջացներ:

Ծիրանի չիրը հարուստ է պեթաքարոթենով, կը մաքրէ աղիքները, անիկա կը պարունակէ 5 անգամ աւելի փոթասիոմ, քան` թարմ ծիրանը: Ծիրանաչիրը նպաստելով շնչառութեան բարելաւման` կ՛ամրացնէ թոքերը, պարունակած մակնեզիոմին եւ ֆոսֆորին շնորհիւ կը բարելաւէ յիշողութիւնը, ուղեղի եւ սրտի աշխատանքը: Քաղցկեղի բուժման զուգահեռ, խորհուրդ կը տրուի, ամէն առաւօտ ուտել նախորդ իրիկուընէ թրջուած 20 հատ չիր:

Թուզի չիրը արժէքաւոր սնունդ է, շատ օգտակար է ուտել ընկոյզի հետ: Հազը բուժել համար եռացնել 3.4 չոր թուզը մէկ գաւաթ կաթով եւ տաք վիճակով խմել, յատկապէս` փոքրերու պարագային: Չոր թուզով պատրաստուած թէյը ունի քրտնեցնող եւ ջերմութիւնը  իջեցնող յատկութիւն:

 

ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՍԻՐՈՒՆ ԹԱՂԱՐՆԵՐ

Ապակեայ թափանցիկ թաղարները, բայց նաեւ հողէ թաղարները կարելի է գեղեցկացնել` անոնց շուրջ գունաւոր ժապաւէններ փաթթելով:

Այսպէս, շուկան լեցուն է տարբեր նախշի երիզներով, ժապաւէններով: Ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանող քանի մը տեսակ եւ զանոնք փաթթեցէք թաղարներուն շուրջ` ամբողջութեամբ կամ կիսով ծածկելով:

 

ԹԱՂԱՐԻ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

Եթէ երկար ցօղունով բոյսեր ունիք, կրնաք անոնց թաղարներուն հագուստներ յարմարցնել հետեւեալ ձեւով:

Առէք ձեր ճաշակին յարմարող կտորներ, անոնցմով ծածկեցէք ամբողջ թաղարը եւ հաստատեցէք ցօղունին շուրջ կտորին համապատասխան ժապաւէնով մը:

Վերջապէս, առէք ժանեակի (տանթել) լայն երիզ մը եւ փաթթեցէք թաղարին շուրջ:

 

ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ
ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՄԻՋԱՏՆԵՐԷՆ

Կպչուն, ձեւափոխուած տերեւներ, բամպակոտած ճիւղեր… Այս բոլորը հետեւանք են վնասակար միջատներու յարձակումի մը: Եթէ անոնք թիւով քիչ են, կարելի է ձեռքով մէկիկ-մէկիկ մաքրել, այլապէս պէտք է դիմել միջատասպան դեղերու:

Ահաւասիկ գործնական միջոցներ` վերոյիշեալ միջատներէն ձերբազատելու համար:

1.- Խորունկ տաշտի մը մէջ ջուր եւ քանի մը կաթիլ պնակ լուալու դեղ դնել եւ բոյսին կանաչ բաժինը քանի մը վայրկեան մէջը մխրճել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2.- Շուկան ծախուող պատրաստ միջատասպան դեղ սրսկել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3.- Ցպիկի մը ծայրը հաստատուած կպչուն թուղթի կտոր մը կրնայ ոչնչացնել թռչող եւ բոյսին շուրջ դարձող միջատները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՆ ԴԻՒՐԱՑՆՈՂ ՀՆԱՐՆԵՐ


– Խաշած գետնախնձորը դիւրին կեղուելու համար, խաշելէն անմիջապէս ետք զայն պաղ ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ նետել:

– Որպէսզի արծաթեայ դգալները, դանակներն ու պատառաքաղները իրենց փայլքը պահեն, անոնց քով քանի մը կտոր կաւիճ դրէք: Կաւիճները կը ծծեն խոնաւութիւնը եւ կ՛օգնեն, որ արծաթեղէնները պահեն իրենց փայլքը:

– Բաղնիքին եւ խոհանոցին պատի քարերուն ճեղքերուն մէջ հաւաքուած աղտը (խոնաւութեան պատճառով) կարելի է մաքրել ակռայի խոզանակով մը (զոր այդ նպատակով մէկ կողմ դրած էք), զայն Օ տը ժաւէլի մէջ թաթխելէ ետք:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԽՈՇԱՖ

Բաղադրութիւն

1/2 քկ. ծիրանի խիւս (պեսթիլ)
4-5 գաւաթ ջուր
1/2 – 1 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ կեղուըւած նուշ
1 գաւաթ կեղուըւած պիստակ
1 գաւաթ սնոպար
1 գաւաթ թուզ` կտրուած
1/2 գաւաթ առանց կուտի կարմիր չամիչ
1/2 գաւաթ առանց կուտի սեւ չամիչ
1 գաւաթ առանց կուտի սալոր` կտրուած
1 ա. դգալ վարդի ջուր
1 ա. դգալ ծաղիկի ջուր
1 ցպիկ կասիա

Պատրաստութիւն

Մկրատով պեսթիլը փոքր կտորներու վերածել:

Աւելցնել վրան 4-5 գաւաթ պաղ ջուր, դնել շաքարը եւ ամբողջ գիշեր ձգել, որպէսզի կակուղնայ,հալի եւ բարակ թացանի վերածուի: Լաւ մը խառնել, որպէսզի մնացեալ փոքր կտորներն ալ հալին:

Յաջորդ օրը աւելցնել` նուշը, պիստակը, սնոպարը, չամիչը, սալորը եւ թուզի կտորները եւ խառնել բոլորը միասին, ապա աւելցնել կասիան, վարդի եւ ծաղիկի ջուրը` ըստ ճաշակի: Գոցել վրան եւ ձգել 5-6 ժամ, մինչեւ որ չոր պտուղները կակուղնան: Առաւել եւս ջուր կարելի է աւելցնել նօսրացնելու համար ստացուած թացանը, որպէսզի մածունէն նուազ բարակ թանձրութիւն մը ունենայ:

Հիւրասիրել պաղ վիճակի մէջ մըղլիի կամ փանչի գաւաթներով:

Մեծ պահքի յարմար անուշեղէն է:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԵՐԳԸ

Աչքերիս մէջ գարնան օրեր.
Ճամբէս` բախտիս սարերն ի վեր,
Ելնում եմ ես քարերն ի վեր,
Ելնում եմ ես սարերն ի վեր,
Քարե՜ր, սարե՜ր, դարե՜րն ի վեր:

Բախտիս աստղերն են վեր պահել,
Ջահել եմ ես ու ձիս ջահել,
Չեմ նկատում քարեր ճամբիս,
Չեմ նկատում սարեր ճամբիս,
Քարե՜ր, սարե՜ր, դարե՜ր ճամբիս:

Շանթն է բեկուում ճակտիս վրայ,
Մահ` չգիտեմ` կա՞յ, թէ՞ չկայ,
Ելնում եմ ես ահերն ի վեր,
Ելնում եմ ես մահերն ի վեր,
Ահե՜ր, մահե՜ր, գահե՜րն ի վեր:

Աչքերիս մէջ գարնան օրեր,
Ճամբէս դէպի աստղերն անմեռ,
Ինձ ելնելու քարեր կան դեռ,
Ինձ ելնելու սարեր կան դեռ,
Քարե՜ր, սարե՜ր, դարե՜ր կան դեռ:

Յ. ՇԻՐԱԶ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES