Հօմ-ը` Նիւ Եորքի Կեդրոն Թայմզ Հրապարակին Վրայ

ՀՕՄ-ի ծանուցումը Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ

Օգտուելով բացառիկ առիթէ մը եւ նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի Կիներու իրավիճակի 56-րդ խորհրդաժողովի գումարումը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակի պաստառներէն մէկուն վրայ ՀՕՄ-ի ծանուցում մը տեղադրած է:

30 երկվայրկեան տեւողութեամբ ծանուցումը 18 փետրուարէն մինչեւ 18 ապրիլ ժամական մէկ անգամ պիտի ցուցադրուի Մանհաթընի 42-րդ փողոցին վրայ, 7-րդ եւ 8-րդ պողոտաներուն միջեւ գտնուող «Սի. Պի. Էս.» ընկերութեան հսկայ պաստառին վրայ:

Ծանուցումի ամբողջութիւնը կարելի է տեսնել այցելելով ՀՕՄ-ի կայքէջը (www.ars1910.org):

Share this Article
CATEGORIES