Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ոսկրափտութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրափտութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց բեկաբուժ-վիրաբուժ տոքթ. Յարութ Տեմիրճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը յիշեցուց, թէ ոսկրափտութեան երեւոյթը բնական հետեւանք է, երբ տարիքի յառաջացումով անձը կը ծերանայ, մարմինը կը հիւծի եւ ոսկորները իրենց խտութիւնը կը կորսնցնեն: Ան նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կանխարգիլել այս երեւոյթը, որուն հիմնական հանգրուանները կանուխ ախտաճանաչումն ու ճիշդ բուժումն են:
Տոքթ. Յարութ Տեմիրճեան բացատրեց, թէ բաւական բարձր համեմատութեամբ անձեր կը տառապին այս վիճակէն, բայց քիչեր տեղեակ են իրենց հիւանդութիւններէն եւ պէտք եղած բուժման կը դիմեն:
Ոսկրափտութիւնը հիւանդութիւն մըն է, երբ ոսկորի ուժը աստիճանաբար կը տկարանայ եւ ոսկորը կը դառնայ դիւրաբեկ:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասն բաղդատական կատարեց առողջ ու ոսկրափտութեամբ յատկանշուած ոսկորի միջեւ եւ նշեց, թէ տարիներու ընթացքին ի՛նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան ոսկորներուն մէջ:
Յաճախ հիւանդը կը ներկայանայ բեկաբուժին` կոնքի, ոտքի կամ ձեռքի կոտրուածքով, եւ ընթացքին բժիշկը կը յայտնաբերէ, թէ արկածը հետեւանք է ոսկրափտութեան:
Տոքթ. Յարութ Տեմիրճեան թուեց տարբեր պատճառներ, որոնք կը յառաջացնեն ոսկրափտութիւնը: Առաջինը կիներու մօտ դաշտանադադարն է, երբ հորմոնային փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ 2-3 առ հարիւր քալսիոմի կորուստ:
Երկրորդ պատճառը նաեւ տարեցներուն մօտ երկար ատեն մարմնի անշարժ վիճակն է, եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ աղիքները բաւարար քալսիոմ չեն ներծծեր:
Խօսելով Տի կենսանիւթի կարեւորութեան մասին` տոքթ. Տեմիրճեան նշեց, որ արեւոտ ցամաքամասերը ընդհանրապէս չունին այս կենսանիւթի պակասը, բայց Լիբանանի պարագային ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ կիները 70-75 առ հարիւրով կը տառապին Տի կենսանիւթի պակասէն: Հետեւաբար արեան քննութեամբ, 35-40 տարեկանէն սկսեալ պէտք է ստուգել Տի կենսանիւթին քանակը:
Կանխարգիլման միջոցներու մասին խօսելով` տոքթ. Յարութ Տեմիրճեան յիշեց, թէ քալսիոմը անհրաժեշտ է 35 տարեկանէն սկսեալ, երբ հիւանդը երիկամներու հարց չունի: Փոքրերու սննդականոնը պէտք է միշտ հարուստ ըլլայ կաթնեղէններով: Մարզանքը կարեւոր միջոց մըն է կանխարգիլելու ոսկրափտութիւնը:
Ներկայիս ոսկրափտութեան ախտաճանաչման գլխաւոր ու հիմնական միջոցը Տի կենսանիւթի ու քալսիոմի արեան քանակի ստուգումներու կողքին Օսթէոտանսիոմեթրին է: Այս ձեւով կարելի է կանուխ ախտաճանաչում կատարել:
Վերջին բաժինով դասախօսը ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց` ներկայացնելով բուժման տարբեր միջոցները եւ անոնց ազդեցութիւնները: