Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Աշակերտական Հաւաք. Գեղամ Արք. Խաչերեան Եւ Հայկ Դեմոյեան Կոչ Կ՛Ուղղեն Հայ Ուսանողութեան Վառ Պահելու Եւ Շարունակելու Հայոց Պահանջատիրութիւնը
Լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու ուսանողներուն համար երէկ եղաւ անմոռանալի, տպաւորիչ օր մը: Արդարեւ, անոնք համախմբուեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` լսելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի խօսքը, այս գծով տարուող աշխատանքներուն մասին: Չորեքշաբթի, 22 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին սկսած այս հաւաքին բացումը կատարեց տոքթ. Վարդգէս Ժամկոչեան, որ նշեալ մարմինին անունով բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ ապա սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի կենսագրականը:
Իր բացման խօսքին մէջ, տոքթ. Ժամկոչեան վերյիշեց Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ թուրքերու պատճառած աւերները` ընդգծելով, որ այսուհանդերձ հայութիւնը դիմադրեց ու պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում: «Մեր պայքարը պիտի շարունակուի ձեզմով, ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ պատրաստելով լա՛ւ հայ, լա՛ւ մարդ ու պահանջատէր հայ», շեշտեց Ժամկոչեան` խօսքը ուղղելով ուսանողներուն եւ յորդորելով զանոնք ըլլալու «միակամ ու մէկ բռունցք»:
Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հայկական երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներու եւ այլ պատասխանատուներու տեղի ունեցած այս հաւաքին հիւր բանախօսն էր հայրենի ցեղասպանագէտ դոկտ. Հայկ Դեմոյեան, որ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ, սահիկներու ցուցադրութեամբ ուսանողներուն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատանքները: Կեդրոնանալով առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստական քայլերուն վրայ` դոկտ. Դեմոյեան ցոյց տուաւ նշեալ թանգարան-հիմնարկի մասնագիտական նոր կառոյցին մանրանկարը: Նաեւ` մանրամասնօրէն ներկայացուց 1967-ին կերտուած Հայոց մեծ եղեռնի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի զանազան մասերը` ընդգծելով, որ Ծիծեռնակաբերդը կեանքի եւ ոչ թէ մահուան վայր է: Ապա պարզեց 40 մեթր բարձրութեամբ վերածնունդի սիւնը եւ անոր ցաւի ու տառապանքի տակ բացուած 12 մասերը` նշելով, որ յուշապատին վրայ գրուած են Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող քաղաքներու տեղանունները: «Ապրիլ 24-ի առիթով աւելի քան մէկ միլիոն մարդ կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, եւ անոնց բերած ծաղիկները չորցնելով թուղթ կը պատրաստենք ու այդ թուղթէն ալ շնորհակալագիր կ՛ուղարկենք բոլոր անոնց, որոնք լուսանկար, յուշագրութիւն թէ Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթեր կը նուիրեն մեզի», ըսաւ դոկտ. Դեմոյեան` թելադրելով ներկայ ուսանողներուն, որ թանգարան-հիմնարկ յղեն եթէ իրենց տան մէջ եւս մեծ մօրմէն կամ տարեցներէն մնացած յուշագրութիւն, ձայնագրութիւն թէ այլ յարակից նիւթեր կան: Դոկտ. Դեմոյեան հարեւանցի բաղդատական մը կատարեց իր սերնդակից պատանիներուն եւ ներկայ պատանի ուսանողութեան միջեւ` նշելով, որ ինք 14 տարեկանին արդէն կարդացած է «Մուսա լերան 40 օրը» դիւցազնավէպը: Ապա հարց տուաւ ներկաներուն, թէ որո՞նք հայրենիք այցելած են: Ներկաներուն գրեթէ կէսը դրական պատասխանեց, իսկ երբ հարց տուաւ, թէ որո՞նք Ծիծեռնակաբերդ այցելած են, գրեթէ բոլոր ուսանողները դրական պատասխանեցին, ինչ որ խնդուքի ալիք մը բարձրացուց` ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ ներկաները խորապէս ներշնչուելով դոկտ. Դեմոյեանի խօսքերէն` արդէն իսկ հոգեպէս այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ: Դեմոյեան յաջողած էր հայ ուսանողութեան ոգեւորման խթան հանդիսանալու իր առաքելութեան մէջ…
«Ցեղասպանութեան նահատակներու աւանդը վառ պահելու կոչուած մեր ազգային յիշողութիւնն է, որ բազմահարիւր հայորդիները կը մղեն այցելելու Ծիծեռնակաբերդ: Նմանապէս, նոյն այդ ազգային յիշողութիւնն է, որ ձեզ կը մղէ այցելելու Պիքֆայայի յուշարձանը», շարունակեց Դեմոյեան եւ աւելցուց. «Հիմա մենք յաղթած ենք մեր միասնականութեամբ, մինչ 100 տարի առաջ մենք վտանգուած էինք»: «Մենք երբեք իրաւունք չունինք մոռնալու գրաւեալ մեր հայրենիքը. ձեր ծնողները այդ մտայնութիւնը կրած են ու ձեր պարտքն է շարունակել այդ ոգիով», շեշտեց Դեմոյեան` դիտել տալով, որ «2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը մեր պայքարը ամփոփելու տարելից չէ, այլ ընդհակառակն` պայքարի վերամրապնդման, եւ այլազան եղանակներով մեր պահանջատիրութիւնը շարունակելու մեկնակէտ է»: «Թուրքեր կ՛երազեն, որ 2015-ին այդ բոլոր քայլերը կ՛աւարտին, եւ որպէսզի չիրականանան թուրքին յոյսերը, մենք շատ կարեւոր ընելիք ունինք: Այդ սերունդին հանդէպ ձեր պարտքն է շարունակել պայքարը», աւելցուց Դեմոյեան:
«Դուք եւ ձեր հասակակիցները Երեւանի, Արցախի, Փարիզի մէջ թէ այլուր, պէտք է դառնաք հայոց պահանջատիրական այդ պայքարին բաղադրիչը», ընդգծեց դոկտ. Դեմոյեան` թելադրելով ուսանողներուն անպայման այցելելու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքէջը:
Իր խօսքի աւարտին, ուսանողներու հարցումներուն պատասխանելով դոկտ. Դեմոյեան շեշտեց, որ միջազգային ոչ մէկ օրէնք կայ, որուն հիմամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրնայ անվաւեր նկատուիլ 1915-ի Եղեռնէն 100 տարի ետք, «իսկ նոյնիսկ եթէ կայ նման օրէնք, ապա անիկա մեզի համար չէ», ընդգծեց ան:
Ուսանողական այս հաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ներկաներուն թելադրեց լրջօրէն մտածել` իբրեւ օրինակ ունենալով այս գործին լծուած «մեծերը»: «Դո՛ւք էք մեր պայքարի դրօշակիրը, ու եթէ ցարդ անտարբեր ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողուք, ապա ատիկա հետեւանք է այն իրողութեան, որ այլեւս ձեր տուներուն մէջ չկան Եղեռնէն ճողոպրած մամիկները, մեծ մայրերը, որ պատմեն իրենց վկայութիւնները», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` յիշեցնելով, որ իր հօր թէ մօր կողմէ մեծ մայրերը միշտ տխուր ու սգաւոր էին` ամէն օր ապրելով Եղեռնի սարսափը եւ իրենց շուրջիններուն պատմելով իրենց վկայութիւնը:
Այս առիթով Գեղամ սրբազան ցոյց տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող աղբիւրներու մատենագիտութեան գիրքը` առաջարկելով ուսանողական յանձնախումբ մը կազմել` այս մասին պրպտում կատարելու համար: Ան ըսաւ, որ բոլոր ուսանողները հրաւիրուած են կամաւոր կերպով մաս կազմելու այս յանձնախումբին` իրենց անունները փոխանցելով ուսուցիչներուն թէ պատկան մարմիններուն:
«Մենք այսօր 100 տարիէ ի վեր «կը կռուինք», կը պայքարին, բայց այսօր այդ «կռուողները» ծերացած են եւ դո՛ւք էք, որ պիտի վերցնէք կռուի այդ «զէնքը», ընդգծեց Գեղամ սրբազան:





