ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍԻ
Աշխատանքի հրաժարեալ նախարար Շարպել Նահհասի բնակարանը երէկ վերածուեցաւ ժողովրդային զանազան պատուիրակութիւններու, սենտիքաներու, երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութեանց անդամներու եւ անկախ անհատներու այցելութեան հիմնական վայրի մը, ուր անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Նահհասի որդեգրած կեցուածքին:
Նահհաս իր արտասանած խօսքին մէջ զարմանք յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աշխատաւորական սենտիքաներուն եւ գործատէրերուն կողմէ միացեալ բողոքի մը ներկայացումը` աշխատանքի նախարարութեան դէմ:
Ան դիտել տուաւ, որ այս քայլը յստակ եւ մեծագոյն փաստն է, որ անոնք կը վաճառուին եւ կը գնուին:
Նահհաս իր այցելուներէն պահանջեց, որ վաղը ուղղուին խորհրդարան եւ հոն կատարեն իրենց բողոքի ցոյցը` օրէնսդրական ժողովին դէմ:
Նշենք, որ Նահհաս յայտնեց, թէ իր հրաժարականը պաշտօնապէս ընդունուելէ ետք է, որ ինք պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը: