ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՓԻԵԹՈՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Դեսպան Փիեթոն եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա կատարած այցելութեան արդիւնքները, որոնք դրական եղած են: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի ճիգ չի խնայեր պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, որ վարչապետին համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի:

Փիեթոն նշեց նաեւ, որ ինք զօր. Աունի հետ քննարկած է նաեւ կառավարութեան կացութիւնը եւ գործադրուելիք բարեկարգումները:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Փիեթոն յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց կեցուածքը յստակ է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն բռնարարքներն ու վայրագութիւնները:

Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը` նկատել տալով, որ այդ մասին վարչապետ Միքաթի խօսած է Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի հետ:

Ռապիէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Քարամ Քարամ, որ զօր. Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES