ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն ստանձնած աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Միխայէլ Տահեր եւ Մոհամետ Շաթահ, որոնք հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեցին օրինական, սահմանադրական, ելեւմտական եւ տնտեսական շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ հայր Ուալիտ Մուսայի:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 4 յուլիսին համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք լիբանանցի բանաստեղծ Սայիտ Աքըլի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:


