ՊԸՐՐԻԻ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ` ԵՐԷԿ ՍԿՍԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԱՅՍՕՐ

Ժողովականները կը յարգեն նախկին երեսփոխաններուն յիշատակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 95 երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ վարչապետն ու կառավարութեան անդամները:

Օրէնսդրական նիստէն առաջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Նիստին սկսելէ առաջ երեսփոխանները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նախկին երեսփոխաններ Նեսիպ Լահուտի եւ Ալի Համատ Ժաաֆարի յիշատակը:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանը չքննարկեց փոխադրածախսերուն վերաբերող օրինագիծը:

Խորհրդարանը վաւերացուց սիւննիական եւ շիիական համայնքային դատարաններու մէջ դատական օգնականներու պաշտօններու հաստատումը, հանգստեան կոչուելու թոշակին հաշուառման հիմքերուն բարեփոխումը, պաշտօնէ արձակման պարագային նիւթական հատուցումի կատարումը եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսական անձնակազմին եւ անկէ հանգստեան կոչուողներու թոշակներուն վերատեսութեան ենթարկումը:

Նիստին ընթացքին կարմիր մազութի թիթեղին սակէն մնայուն կերպով յաւելուած արժէքի տուրքը զեղչելու օրինագիծին առնչութեամբ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի պահանջեցին վերատեսութեան ենթարկել այդ օրինագիծը:

Իր կարգին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս պահանջեց, որ կանաչ մազութի թիթեղին սակէն եւս մնայուն կերպով յաւելուած արժէքի տուրքը զեղչուի, որպէսզի երկու տարբեր տեսակի վառելանիւթերուն միջեւ խաբէութեան առաջքը առնուի:

Նիստէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կարգ մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Սինիորա եւ Քապպանի, կը շեշտեն, որ պէտք է կարմիր մազութի թիթեղին սակէն  յաւելուած արժէքի տուրքը զեղչուի միայն մէկ տարուան համար: Այսինքն` այլ խօսքով, անոնք վառելանիւթի առեւտրականներուն կը յուշեն, որ եթէ քիչ կրնային պահեստ մազութ դիզել, մէկ տարուան ընթացքին աւելի մեծ քանակով մազութ դիզեն: «Այս է իսկական փտածութիւնը: Անհրաժեշտ է այս խաբեբայութիւնն ու աւազակութիւնը բացայայտել, որովհետեւ ան կը ծառայէ վառելանիւթի ընկերութիւններուն շահերուն», ըսաւ ան:

Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական այսօրուան նիստը քաղաքացիներուն, աշխատաւորներուն, գործատէրերուն, երկրին պետական պիւտճէին եւ հաշուետուութեան համար ճակատագրական նիստ մը պիտի ըլլայ:

«Խորհրդարանին օրէնսդրական նիստը շատ կարեւոր է երկրին վարչակարգին եւ  սահմանադրական հաստատութիւններուն համար», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ երկրին օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները հակադրուած չեն այս առումով: Ան ընդգծեց, որ օրէնսդրութիւնը խորհրդարանին կը վերաբերի:

Պէտք է աւելցնել, որ օրէնսդրական այս նիստին ընթացքին, ընդդիմադիր երեսփոխաններ յարձակում գործեցին կառավարութեան եւ վարչապետին դէմ` ծաղրելով Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած ինքզինք չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի հրաժարականը:

Պըրրի կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին յայտարարեց նիստին աւարտը` կարմիր մազութի թիթեղին սակէն մնայուն կերպով յաւելուած արժէքի տուրքը զեղչելու եւ աշխատաւորներու փոխադրածախսին վերաբերող օրինագիծերուն քննարկումը յետաձգելով այսօրուան նիստին:

Խորհրդարանը այսօր առաւօտեան կը շարունակէ օրէնսդրական իր նիստը:

Նշենք, որ նիստէն ետք Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի հրաժարականը երէկ երեկոյեան նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ յանձնուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Share this Article
CATEGORIES