Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Պիտի Քննարկուի Սումկայիթի Ջարդերուն Հարցը
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը 26-29 փետրուարին կը կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած ազրպէյճանահայութեան յիշատակին: Խորհուրդը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ 26 փետրուարին զոհերուն նուիրուած պատարագ պիտի մատուցուի Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն օրը Փարիզի Երեւանի պարտէզին մօտ գտնուող Կոմիտասի յուշարձանին ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին եւ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի ձեռնարկ:
27 փետրուարին երեկոյեան Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեան:
«Խաղաղութեան Ղարաբաղին» ձեռնարկներու ծիրին մէջ 29 փետրուարին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ճշմարտութիւն եւ կեղծիք» խորագիրով հանդիպում-քննարկումը:


