Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Եւ Եւրոնեսթի Պատուիրակութիւններ
Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ,որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէյ Քովաչեւի գլխաւորութեամբ:
Նախագահը ողջունեց եւ կարեւոր նկատեց պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` նկատի առնելով Հայաստանի եւ շրջանի վերաբերեալ զեկուցումին նախապատրաստման օժանդակելու վերոյիշեալ յանձնախումբի երեսփոխաններուն առաքելութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ նմանօրինակ այցելութիւնները եւ շփումները լաւ կարելիութիւն են ծանօթանալու իրավիճակին եւ կարծիք կազմելու:
Հանրապետութեան ղեկավարը եւ եւրոպական պատուիրակութեան անդամները քննարկեցին յուլիս 2010-ին սկսած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքն ու խնդիրները եւ անդրադարձան Հայաստանին ու շրջանին վերաբերող զեկուցումի նախապատրաստման:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նաեւ ընդունեց Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի ընկերային, կրթութեան, մշակոյթի եւ քաղաքացիական հասարակութեան հարցերով յանձնախումբի նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը:
Նախագահը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ յանձնախումբի նիստին մաղթեց արգասաբեր աշխատանք: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանը սկիզբէն ողջունեց Եւրոպական Միութեան երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան արեւելեան դրացիներուն միջեւ համագործակցութեան խորհրդարանական փլաթֆորմի` Եւրոնեսթի հիմնումը, եւ կը նկատէ, որ ատիկա կրնայ դառնալ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջխաղացման եւ շրջանային համագործակցութեան զարգացման օժանդակող բեմ:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, անկախութենէն ի վեր եւրոպական համարկման ճամբան ընտրած եւ նոյն արժէքները դաւանող Հայաստանը պատրաստ է բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք վերադառնալու իր ակունքներուն մէջ գտնուող այն արժեհամակարգին, որուն կրողը եղած է հայ ժողովուրդը եւ որուն վրայ այսօր կը կառուցուի ընդհանուր Եւրոպան:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց այդ ճամբուն վրայ գործընկերներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ անոնց աջակցութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան պատասխանեց նաեւ Եւրոնեսթի երեսփոխաններու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման եւ կայացման, Եւրոնեսթէն եւ մասնաւորաբար` ընկերային, կրթութեան, մշակոյթի եւ քաղաքացիական հարցերով յանձնախումբէն Հայաստանի ակնկալիքներուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան օրակարգին, Հայաստանի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշման եւ բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն:



