«Ազդակ»Ի Մամլոյ 67-րդ Լսարան. Անցնող Տարուան Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Եւ Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մասին Զեկուցեցին Թաթուլ Յակոբեան Եւ Կիրօ Մանոյեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին եւ «Ազդակ»-ին, երէկ` չորեքշաբթ, 22 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 67-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան ներկայացուց «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը 2011-ին» նիւթը, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` «Հայ դատի աշխատանքները 2011-ին» նիւթը:

Լսարանին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Վաչէ Ծատուրեան, որ նշեց, թէ անցնող տարուան ընթացքին Հայ դատի պահանջատիրական երթին մէջ եղան նշանակալից ձեռքբերումներ, ինչպէս` Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի Արցախի կարգավիճակին վերաբերող արտայայտութիւնը, Սլովաքիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին որդեգրումը եւ Ֆրանսայի ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը: Ան հաստատեց, որ նուաճումները անհանգստացուցած եւ զայրացուցած են Թուրքիան, որուն պետական ներկայացուցիչները ունեցան ջղագրգիռ արտայայտութիւններ:

Թաթուլ Յակոբեան, Վաչէ Ծատուրեան եւ Կիրօ Մանոյեան

Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան, որ նշեց, թէ Հայաստանը արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունի երեք դժուարութիւններ` թուրք-ազրպէյճանական շրջափակումը, Ռուսիայէն կախեալ ըլլայ իրադրութիւնը եւ Հայաստանի ոչ ժողովրդավարական պետութիւնը: Յակոբեան «տխուր» անուանեց Հայաստանի պետութեան անցնող տարուան արտաքին քաղաքականութիւնը: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ հետ ոչ թէ բարձր մակարդակի հանդիպումներ չեղան, աւելի՛ն, դիւանագիտական յարաբերութիւնները փոխարինուեցան ի մասնաւորի թրքական կողմէն կարծր բառապաշարի գործածութեամբ:

Ներկայացնելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու առկայ վիճակը` Յակոբեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Թուրքիա կրնայ անակնկալ մը յառաջացնել` վաւերացնելով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները: Ան աւելցուց, որ այս մէկը 100-ամեակին վրայ կրնայ ունենալ ժխտական անդրադարձ եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ տագնապալի վիճակ ստեղծել:

Խօսելով Թուրքիոյ միջազգային յարաբերութիւններուն մասին` «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակիցը ըսաւ, որ Թուրքիոյ համար այսօր Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելը առաջնահերթ հարց չէ, եւ այս մէկը Թուրքիան կը դարձնէ յաւելեալ անկախ, երբ այլ դիտանկիւնէ Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները արդէն շատ չեն հետաքրքրուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու հարցով:

Ղարաբաղի հարցին գծով Թաթուլ Յակոբեան շեշտեց, որ անցնող տարուան երկու հանդիպումները ցոյց տուին, որ Հայաստանը ունէր կառուցողական դիրքորոշում, մինչ Ազրպէյճանը` հակառակը: Ղարաբաղ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանը հանդարտ վիճակ չունէր, նշեց Յակոբեան` աւելցնելով, որ միշտ խախտումներ արձանագրուեցան:

Օրուան երկրորդ զեկուցաբերը` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ճանաչումէն հատուցման հանգրուան անցնելու պահը հասած է, եւ պէտք է գիտական ու քաղաքական մակարդակներու վրայ ծաւալել համապատասխան աշխատանքներ:

Արցախի հարցին գծով Մանոյեան յայտնեց, որ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի յայտարարութիւնը, թէ իր կարծիքով, Արցախը կա՛մ պէտք է ըլլայ Հայաստանի անբաժան մասը եւ կա՛մ պէտք է ըլլայ անկախ պետութիւն, կարեւոր իրադրութիւն է: Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն նշեց, որ այս իրագործումը արդիւնք էր ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հետեւողական աշխատանքին:

Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներ իրականացնել, եւ այդ մէկը միայն պետութեան ճանաչումով չ՛ըլլար, այլ` մայրաքաղաքներու հետ կապերով կամ այլ միջոցներով: Ան Արցախի հարցին գծով նշեց, թէ բնակչութեան թիւի հարցը լուրջ խնդիր է, եւ վերաբնակեցումը բարեգործութենէն անդին պէտք է ունենայ ազգային մեկնակէտ:

Իսկ Ջաւախքի հարցին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ վերջին 8-9 տարիներուն կարելի եղաւ մասամբ հարցը դարձնել համահայկական օրակարգ: Կիրօ Մանոյեան աւելցուց, որ Ջաւախքը ոչ միայն շրջանի հայութեան համար կարեւորութիւն ունի, այլեւ` Հայաստանին համար, որովհետեւ շրջանը Հայաստանի միակ սահմանային շրջանն է, թուրք-ազրպէյճանական չէ: Այս շրջագիծին մէջ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստան-Վրաստան լաւ յարաբերութիւններու սուղ գինը ջաւախքահայութիւնը պէտք չէ վճարէ:

Թուրքիոյ ժողովուրդին հասնելու վերաբերեալ զեկուցաբերը շեշտեց, որ այս մեկնակէտին համար կ’օգտագործուին արդիական բոլոր միջոցները` անոնց հասնելու համար: Այլ դիտակէտէ, ան ըսաւ, որ թուրք-ազրպէյճանական համայնքներուն կազմակերպումը վերջին տարիներուն բացայայտ է, ինչ որ տարբեր երկիրներու մէջ իր հակահայ հակադրութիւններով բացայայտուած է:

Զեկուցումներուն աւարտին ներկաները իրենց հարցումներով արտայայտեցին իրենց տեսակէտները եւ ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES