50 Տարի Առաջ (24 փետրուար 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 25 փետրուարին Պուրճ Համուտի «Գարմանիկ» սրահին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի տօնուի Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն»-ի քառասնամեայ յոբելեանը:
Հանդէսին համազգային հանգամանքը առաւելագոյն չափով կը շեշտուի ներկայութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի, որ ստանձնած է անոր հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` երեք յարանուանութեանց պետերուն, որոնք կը նախագահեն տօնակատարութեան:
Շատ քիչ առիթներով համազգային նման յարգանք կը մատուցուի ազգին բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի քառասնամեայ յոբելեանը բացառիկ առիթ մըն է, որ կը խօսի իւրաքանչիւր հայու սրտին:
Յարգանքի այս հանդիսութեան հետ ետ կ՛երթանք քառասուն տարի` մտաբերելու համար այն ահաւոր վիճակը, որ հայունն էր այդ անիծեալ օրերուն: Տարագիրներու կարաւաններ եկած ու հաստատուած էին Լիբանան, այս հիւրընկալ երկիրը, որ իր դռները լայն բացած էր դժբախտ ժողովուրդի մը զաւակներուն առջեւ: Տարագիրներու բազմութիւն, որբերու բանակ, որ վաղուան «տորմիղ հրաթեւ»-ը դառնալու համար պէտք ունէր ֆիզիքական եւ հոգեկան ծարաւի մը գոհացման:
Այդ սեւ օրերուն, երբ մթագնած էր հայկական հորիզոնը, գտնուեցան անհատներ, որոնք ամբողջական նուիրումով մը փութացին` սպեղանի հասցնելու համար հայ ժողովուրդի մարմնոյն վրայ բացուած արիւնահոս վէրքերուն:
Անոնցմէ մէկը եղաւ միս Մարիա Ճէյքպսըն, որ 1970-էն կը ճանչնար հայ ժողովուրդը, Խարբերդի մէջ, ուր եկած էր իբրեւ անդամ Դանիոյ տիկնանց հայրենասիրական հաստատութեան, սորված էր հայերէն եւ ապա, տարագրութեան օրերուն, եղած էր ականատես վկան հայուն գողգոթային եւ խաչելութեան, ճանչցած հայութիւնը` իր անլուր տառապանքներուն մէջ, մնալով անոր ցաւերուն ցաւակից եւ վիշտերուն վշտակից:
Միս Մարիա Ճէյքըպսընի շունչին տակ, անոր մղումով, «Թռչնոց Բոյն»ը եղաւ հաստատութիւն մը, որ մեր որբերուն մօտեցաւ անկեղծ կարեկցութեամբ, հայ ազատ զգացումովը այն հոգիին, որ դանիացի ազնիւ ժողովուրդինն է, մարդկայինի իր որոնումին մէջ:
«Թռչնոց Բոյն»ը հանդիսացաւ այն հաստատութիւնը, ուրկէ կեանքին ընծայուած հայ տղաքն ու աղջիկները ծանր երախտապարտութեան մը զգացումով չբաժնուեցան, ինչպէս կը պատահի յաճախ, այլ որբանոցներու պարագային, ուր անչափահասներու հոգեկան աշխարհը խուլ պոռթկումներ կ՛ունենայ, կեանքին անարդարութեան զգացումով, եւ այդ զգացումը կ՛անդրադառնայ հաստատութեան հանդէպ իրենց հետագայ վերաբերումին վրայ: Չկայ մէկը, որ Ժիպէյլի դանիական հաստատութեան ասպնջականութիւնը վայելած ըլլայ եւ այլ հաստատութեան հանդէպ չունենայ սէր ու յարգանք, մանաւանդ` գուրգուրանք, երբ այլեւս տասնամեակներ կը բաժնէ զինք իր որբութեան օրերէն:
Ո՞ւր է գաղտնիքը այս վերաբերումին:
Պէտք չէ փնտռել այլուր, քան` այն միւս վերաբերումին մէջ, որ «Թռչնոց Բոյն»-ի եւ անոր տնօրէնութեանն ու պաշտօնէութեանը եղած է միշտ` հանդէպ հայորդիներու, որոնց մանուկ հոգիները, այդ հաստատութեան յարկին տակ, երբեք չեն վիրաւորուած իրենց մարդկային եւ ազգային զգացումներուն մէջ: Երբեք չեն փորձած բռնանալ անոնց խղճին ու անհատական համոզումներուն վրայ, այլ միայն աշխատած են անոնց մէջ զարգացնելու մարդը, մարդկայինը` իր բոլոր ստորոգելիներով:
Կը կարծենք ու համոզուած ենք, որ համազգային յարգանքը, որ այսօր արդարօրէն կը մատուցուի Ժիպէյլի դանիական հաստատութեան, կը բխի անկեղծ զգացումէ մը, որ չի պարտադրուիր, այլ կու գայ ազգին սրտէն, անոր զաւակներու ամէնէն մտերիմ զգացումներէն: