Անխուսափելի Ճակատամարտի Մը Սեմին (Լիբանանահայ Վարժարաններ) Ա. Բաժին

Հայկական վարժարանի մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ անոր հայանպաստ կարեւորութիւնը անվիճելի իրողութիւններ են:

Յաճախ շեշտուած է անոր առաքելութիւնն ու վեհութիւնը հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ, երբեմն ստանալով փրկիչի մը դերակատարութիւնը, երբ ազգովին գտնուած ենք դժբախտ հանգրուաններու ընդառաջ:

Այսօր, նոյն այդ փրկիչի դիմակը հագած այդ իրականութեան դէմքը կը ներկայացուի ամէնուրեք, սակայն` առանց որեւէ հիմնական լուծում կամ գէթ լուծման ծրագիր մը ներկայացնելու հանրութեան:

Տակաւին պարբերաբար կը լսենք հայկական վարժարանի վսեմ առաքելութեան եւ հայաշունչ դաստիարակութեան մասին, անոր նուաճումներուն եւ իրագործումներուն մասին, եւ այս բոլորը` դպրոցական տարեշրջաններու ամավերջի հանդէսներուն ընթացքին կամ վերամուտի մը առթիւ միայն: Նպատակը` իբր թէ քարոզչական. Ու հոն կը յորդի կարգախօսերու առատութիւն մը հայկական վարժարանի «հիւանդ» վիճակը նկարագրելով` (ներկայ պայմաներուն մէջ) որպէս բաւարար. մինչդեռ հայկական վարժարանը յատկապէս եւ լիբանանահայ աշակերտը ընդհանրապէս կ՛ապրին տեղքայլ մը, չըսելու համար` անդունդի եզրին գտնուողի կարգավիճակ: Յուսալքուածութեան վիճակը կը շարունակուի` մեղադրանքի խօսքեր արձակելով նիւթական սուր տագնապին եւ երկրի քաղաքական անկայուն վիճակին վրայ, համաշխարհայնացումի ձգած վնասակար ազդեցութեանց ու ծնողներու դաստիարակութեան վրայ, իսկ երբեմն ալ ինքնախաբէութեան եւ ինքնաքննադատութեան համար` բոլորին վրայ:

Այս բոլորին կողքին, «կրթական ամբողջական ծրագիր»-ներու, «վարժարաններու արդիականացման» եւ «նոր մեթոտ»-ներու որդեգրումը կը մնան զուտ հատուածական-յարանուանական, միութենական թէ կուսակցական սեղմ շրջանակներու մէջ, եւ այդպիսով, անոնք  արդէն իսկ դատապարտուած կ՛ըլլան ձախողութեան` սկզբնակէտին վրայ հիմնաւորուելով (մասնակի եւ հատուածական լուծումներ են եւ ոչ ամբողջական), իսկ վարժարաններու «իրագործումները»` պետական քննութիւններու արդիւնքներուն վրայ հիմնուած, այդ ծիրէն ներս կը գտնուին եւ միմիայն քարոզչական նպատակներու կը ծառայեն:  Մինչդեռ հայկական վարժարանին իւրայատկութիւնը կը կայանայ հայեցի դաստիարակութիւն մը փոխանցելու առաքելութեան մէջ, այլասերման ու ձուլումի վտանգին դէմ` հայ աշակերտին դիմադրականութեան աստիճանը բարձր պահելու մէջ:

Ուրեմն հաստատենք, որ լիբանանահայ վարժարանի դիմագրաւած հարցերը բազմաթիւ են, ու անոնց ախտաճանաչումը բազմակողմանի ճիգերու ու լայնածաւալ աշխատանքի մը պարտադրանքին առջեւ կը դնէ մեզ, որովհետեւ իրարմէ ջլատուած, գրեթէ իրարու հետ կապ չունեցող, կրթական մակարդակով թէ հայեցի դաստիարակութեամբ, տարբեր ծրագիրներով ու գործելաոճերով հայկական վարժարաններու պարզած պատկերին դիմաց կը գտնուինք:

Իրականութիւնն այն է, որ լիբանանահայ վարժարանի հանդէպ ծանրացած հարցերը մինչեւ օրս արժանացած չեն համապատասխան ուշադրութեան, գոյութիւն չունին համահայկական մտածողութեամբ ծրագիրներ կամ առաջարկներ, իսկ օտար վարժարաններ յաճախող հայ պատանիին խնդիրը գրեթէ անտեսուած է, մինչ հայեցի դաստիարակութիւնը ձգուած է հայ ուսուցիչին հայեցողութեան:

Կրթական ամբողջական եւ պարծենալի ծրագիր մը ունենալու, ինչպէս նաեւ որակեալ կրթութիւն հայթայթող վարժարանի մը վերածուելու մարտահրաւէրի կողքին, հայկական վարժարանը ունի գերագոյն գոյապայքար մը, որն է` հայապահպանումը:

Կրթական համակարգը կարելի չէ բաժնել ազգային այլ բնագաւառներէ: Աւելի՛ն. ան մեր ազգային կեանքին հիմնաքարը կը հանդիսանայ, առանց անոր` կարելի պիտի չըլլայ ազգային առողջ կեանք մը ունենալ:

Այս բոլոր խնդիրներուն անդրադարնալու համար, եւ առանց յատուկ առաջարկներ կամ մեկնաբանութիւններ կատարելու, պարզապէս այս յօրուածաշարքով փորձ մը պիտի կատարուի (կարելիութեան սահմաններուն մէջ) ներկայացնելու համար լիբանանահայ վարժարանին ընդհանուր պատկերը:

Յօդուածաշարքը պիտի անդրադառնայ հայ աշակերտներու իրավիճակին` անոնց յաճախած վարժարաններէն թուային պատկերներ բերելով, ըլլան անոնք հայկական թէ օտար: Երկրորդի պարագային` Պուրճ Համուտի եւ հիւսիսային Լեռնալիբանանի մէջ գտնուղ օտար վարժարաններէ օրինակներ, ինչպէս նաեւ` հայկական վարժարաններէ ներս օգտագործուած հայերէն դասագիրքերու արդիւնաւէտութիւնը եւ յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան համար օգտագործուած ծրագիրներ: Հայերէնի դասապահերու եւ հայ ուսուցիչներու դերը, անոնց տարած աշխատանքը եւ ընդհանրապէս ունեցած մտահոգութիւններն ու նկատողութիւնները: Պուրճ Համուտի ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրը … եւ այս բոլորը` թուային պատկերներով եւ ձայնագրուելիք հարցազրոյցներէ մէջբերումներով:

ՏՕՆԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

(Շար. 1)

 

Share this Article
CATEGORIES