«ՍՈՒՐԻՈՅ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵԾ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ ինք ապահով կը զգայ. ան աւելցուց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ Լիբանանի համար, որովհետեւ այդ կայունութիւնը կը նպաստէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տնտեսական զարգացումին:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարելաւուի` ըստ հիմնական եւ գլխաւոր բարեկարգումներուն:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց Սուրիոյ ղեկավարութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ յետմիջօրէին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, թէ ինչպէս ամբողջ շրջանը, նոյնպէս ալ Սուրիան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որուն ընթացքին արձանագրուած քաղաքական բոլոր իրադարձութիւններն ու իրերայաջորդ զարգացումները պէտք է մեծ պատասխանատուութեամբ վերլուծել եւ մեկնաբանել, որովհետեւ այդ իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն առնչուած են շրջանին ապահովական կայունութեան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ Ազգային ժողովին մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած խօսքին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ խօսքը դրական հորիզոններ կը բանայ Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին դիմաց` նկատի ունենալով նաեւ անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ յայտարարուած բարեփոխումները, որոնք կը ծառայեն Սուրիոյ ժողովուրդին շահերուն եւ կը նպաստեն սուրիացիներու ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին կայունութեան:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Սուրիա ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան դասերու կարիքը չունի, յատկապէս արեւմուտքցի այն կասկածելիներէն, որոնք աշխարհին կը ներկայանան իբրեւ բարեփոխումներու ջատագովներ:
Իր խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք անհամբեր կը սպասեն Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումին, Ժոմպլաթ ըսաւ, որ պէտք է յիշեցնել անոնց, թէ Լիբանանի ապահովութիւնը Սուրիոյ ապահովութենէն է եւ փոխադարձաբար: Ան իր խօսքը եզրափակեց զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին` անոնց մաղթելով յաւելեալ կայունութիւն եւ արդարացի պահանջներու իրագործում: