«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երէկ` հինգշաբթի, 31 մարտ 2011-ի առաւօտուն, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ ընդունելով խումբ մը գերմանացի աստուածաբաններ ու հոգեւորականներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը: «Նոր երեւոյթ մը չէ միաստուածեան կրօններու գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ. դարերու վրայ տարածուած իրողութիւն մըն է ան: Նոյնիսկ շրջանի պատմութեան ամէնէն դժուար պահերուն այս երկու կրօնները միշտ կառչած են իրենց խաղաղ գոյակցութիւնը պահպանող հասարակաց արժէքներուն ու սկզբունքներուն: Ճիշդ է, այսօր պայմանները հիմնովին փոխուած են. նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը. սակայն անհրաժեշտ է, որ հասարակաց արժէքներ եւ ուսուցումներ ունեցող այս երկու կրօններուն միջեւ գոյակցութիւնը, երկխօսութիւնն ու համակեցութիւնը աւելի ամրապնդուին` հեռու մնալով այնպիսի մտածողութիւններէ ու արարքներէ, որոնք կրնան հարցականի տակ առնել դարերու ընթացքին արմատացած միջկրօնական գոյակցութիւնը», յայտնեց ան: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ դերին` յիշեցնելով, որ պատմութեան ընթացքին իսլամութեան նկատմամբ հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը եղած է խաղաղ գոյակցութեան պահպանումը` փոխադարձ յարգանքի ու իրաւունքներու ճանաչումով:
Վեհափառը նաեւ ընդառաջելով ներկաներու փափաքին ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան առնչուած շարք մը իւրայատուկ երեւոյթներու` ընդգծելով յատկապէս հին դարերէն ի վեր ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալու եւ միջ-եկեղեցական երկխօսութեան մասնակից ըլլալու իրողութիւնը: Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ սփիւռքի մասին` յատկապէս անդրադառնալով այդ ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաջնահերթութիւններուն:
Հանդիպման ընթացքին վեհափառը նաեւ արծարծեց ցեղասպանութեան հարցը եւ այդ գծով հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք, գերմանացի հիւրերը այցելեցին կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ աւելի մօտէն տեղեակ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան երեսներուն: