ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հարաւային Կովկաս Պիտի Այցելէ

Էյմոն Կիլմոր

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր կը ծրագրէ ապրիլի սկիզբը Հարաւային Կովկաս այցելել: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի այցելութեան յստակ թուականը ճշդելու:

«Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Կիլմոր յայտարարած է, որ Իրլանտա ԵԱՀԿ-ի մէջ իր նախագահութեան ընթացքին երկարատեւ տագնապներու լուծման ուղղուած իր ջանքերուն մէջ հանդէս պիտի գայ ազնիւ միջնորդի դերով:

«Մեր միակ շահը տագնապի խաղաղ լուծումն է, ինչ որ շրջանի ժողովուրդներուն կարելիութիւն պիտի տայ կարգաւորելու իրենց կեանքը: Մենք Իրլանտայի մէջ քաջ կը գիտակցինք տագնապներու կործանարար գինը: Մենք գիտենք նաեւ, թէ որքան բարդ է այդպիսի խնդիրները լուծելը», ըսած է ան:

Կիլմոր նշած է, որ ինք սթաթիւս քոն կենսունակ երկարաժամկէտ լուծում չի նկատեր: «Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, ես պիտի ընեմ կարելի ամէն բան գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ խաղաղ լուծման աջակցելու համար», ըսած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES