Մոսկուայի Մէջ Փութինի Զօրակցող Մեծ Ցոյց

Բազմամարդ ցոյցէն պահ մը

Մոսկուայի կեդրոնին մէջ երէկ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածութեան: Անոնք փուչիկներով, դրօշներով եւ «Մեր քուէն Փութինին է», «Փութինն է մեր նախագահը» ցուցապաստառներով հաւաքուած են Մոսկուա գետի ափին, ապա դէպի Լուժնիքի մարզադաշտ քայլարշաւ կատարած:

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 8 օր ետք: Նախագահութեան թեկնածուներն են Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով, Արդար Ռուսիա կուսակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնով, Ազատական-ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի, միլիառատէր Միխայիլ Փրոխորով եւ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան ղեկավար, Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES