Միքաթի Ընդունեց Ֆաթթուշը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Ֆաթթուշը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ստորագրած է փոխադրածախսերուն վերաբերող որոշումը` նկատի ունենալով, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս հրաժարած է:
Ֆաթթուշ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի զինք տեղեակ պահած է, թէ Նահհասի հրաժարականը պիտի ընդունի, եւ կառավարութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին:
Ֆաթթուշ յայտնեց, որ ինք կը փափաքի, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքը յաւելեալ աշխուժութեամբ շարունակէ յառաջիկայ հանգրուանին:
Ֆաթթուշ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ ընդառաջել լիբանանցիներու պահանջներուն` նկատի ունենալով անոնց ազգային սկզբունքներուն նկատմամբ յարգանքը եւ ճնշումներէ հեռու հաստատութենական պետութիւն մը կերտելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան