«Մենք Յաղթեցինք Իսրայէլին, Որ Տակաւին Կը Կրէ Իր Պարտութեան Բարոյական Հետեւանքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` Արաբ լրագրողներու միութեան պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբ լրագրողներու միութեան նորակազմ խորհուրդը, որուն ներկայութեան անդրադարձաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Լիբանանի դէմ ուղղած սպառնալիքներուն եւ այն յայտարարութեան, որ Լիբանան անունով երկիր չկայ աշխարհի քարտէսին վրայ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան հազարաւոր տարիներու կեանք ունի եւ անոր արմատները խրած են պատմութեան մէջ, հետեւաբար նման ոչ մէկ յայտարարութիւն կրնայ ջնջել Լիբանանի գոյութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան միակ երկիրն է, որ Իսրայէլը զինուորապէս պարտութեան մատնած է` աւելցնելով, որ Իսրայէլ եւ իսրայէլացիները տակաւին կը շարունակեն կրել այդ պարտութեան բարոյական հետեւանքները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան իր կառուցուածքով եւ վարչակարգով բազմազան է եւ Իսրայէլի հակապատկերն է:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց Շարպել Նահհասի հրաժարականը:

Share this Article
CATEGORIES