Վաւերացնելէ Ետք Մազութի Սակէն Յաւելուած Արժէքի Տուրքը Ջնջելու Օրինագիծը` Խորհրդարանի Նիստը Յետաձգուեցաւ 5 Մարտին

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի  երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց կարմիր եւ կանաչ մազութի թիթեղի սակին վրայ պարտադրուած յաւելուած արժէքի տուրքը մնայուն կերպով ջնջելու օրինագիծը:

Նախքան նիստին գումարումը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:

Նիստին ընթացքին լուրջ տարակարծութիւն արձանագրուեցաւ 2011-ի ծախսերուն համար կառավարութեան 8900 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացնելու օրինագիծին շուրջ:

Տարակարծութեանց պատճառով Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները լքեցին խորհրդարանը, մինչդեռ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն երեսփոխանները մնացին խորհրդարանին մէջ` բանակցելու համար Պըրրիի առաջարկին շուրջ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխանները կտրականապէս մերժեցին հաշիւները գաղտնի պահել` աւելցնելով, որ 1993-էն ի վեր հաշիւները կորսուած են եւ խառնուած:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով կառավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 5 մարտին:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ սովորական խանութպան մը կ՛արձանագրէ իր վաճառատան մուտքն ու ելքը` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ ինք իմացած է, որ կայ 11 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որուն մասին ոչ ոք բան գիտէ, իսկ այդ մասին հաշուեկշիռի մը ներկայացումը կը մերժուի:

Ան կոչ ուղղեց վտարելու բոլոր այն անձնաւորութիւնները, որոնք կը մերժեն հաշուեկշիռ ներկայացնել:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք ներկայացուցած են միջոց մը, որ բոլորին համար ամբողջական լուծում կ՛ապահովէ եւ լիբանանեան պետութիւնը կարող կը դարձնէ յառաջդիմելու եւ ապագայի մասին մտածելու` զայն դուրս բերելով անցեալի հարցերէն:

Նիստին յետաձգումէն ետք Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է անպայման տեսնել գաւաթին լեցուն բաժինը: Ան մաղթեց, որ 5 մարտին կարելի եղած ըլլայ որոշ թղթածրարներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել եւ հարցերը լուծել:

 

Share this Article
CATEGORIES