Ժիւտօ. Կիպրոսի Մրցաշարք. Լիբանան Տիրացաւ 29 Մետալի
Նախանցեալ օր Կիպրոսէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք միջազգային մրցաշարքի մը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պուլկարիա, Վրաստան, Յունաստան, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ երկիրը` Կիպրոս:
Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար 50 երկսեռ մարզիկներէ, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 7-էն 16 տարեկանի միջեւ:
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէէն իմացանք, որ լիբանանցի մարզիկները բաւական փայլուն արդիւնք արձանագրելով տիրացան 29 մետալի` հետեւեալ ձեւով. 9 ոսկի, 16 արծաթ եւ 4 պրոնզ:
CATEGORIES Մարզական

