Դահուկարշաւ. Սերկէյ Միքայէլեանի Յաջողութիւնը` Կարինի Մէջ
Արեւմտեան Հայաստանի Կարին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան 10 քկ-ի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Միքայէլեան բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով 92 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 8-րդ պատուաւոր դիրքը:
Անոր արձանագրած այս յաջողութիւնը աննախադէպ արդիւնք է Հայաստանի համար, որովհետեւ նախորդ տարիներուն հայ դահուկորդները նոյնիսկ լաւագոյն տասնեակին մօտ չեն եղած:
Սակայն անոր գրաւած դիրքը պատահականութեան արդիւնք չէ` նկատի ունենալով, որ ան միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ:
Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Թադէոս Պօղոսեան, գրաւեց 71-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական