Վոլիպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛Ունենան Քառորդ Աւարտականի Մրցումները
Միշել Մըրի անուան համալիրին եւ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Արաբական վոլիպոլի ակումբներու 30-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան քառորդ աւարտականի հանդիպումները:
Մրցաշարքը այժմ հասած է կարեւոր հանգրուանի մը, որովհետեւ պարտուողը դուրս պիտի մնայ անկէ:
Այդ ութ խումբերէն երկուքը լիբանանեան կազմեր են` ախոյեան Անուարը եւ փոխախոյեան Քալամունը:
Կ՛ակնկալուի, որ լիբանանեան երկու կազմերը, օգտուելով իրենց սեփական դաշտերուն վրայ ճակատելու առաւելութենէն եւ իրենց կողքին ունենալով իրենց համակիրները, ամէն ճիգ ի գործ դնեն յաղթանակ արձանագրելու համար:
Նշենք, որ լիբանանեան երկու կազմերն ալ Ա. հանգրուանի իրենց մրցումները աւարտեցին` գրաւելով իրենց խմբակներուն երկրորդ դիրքը, արձանագրելով երեքական յաղթանակ եւ կրելով մէկական պարտութիւն:
Անուարի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Սահել (Քուէյթ), իսկ Քալամունի մրցակիցը` Ռայան (Քաթար):
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 18:00-ին, առաջինը` Միշել Մըրի համալիրին մէջ, իսկ երկրորդը` Ղազիրի մէջ:
Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ կիրակի օր` աւարտական ճակատումը: