Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Փոփոխութիւն` Ֆայնըլ – Էյթի Մրցումներուն Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն գծով կատարուած են կարգ մը փոփոխութիւններ:
Այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումը` Հուփսի եւ Պիպլոսի միջեւ, յետաձգուեցաւ երկուշաբթի, 27 փետրուարին, նոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն:
Ինչ կը վերաբերի կիրակի, 26 փետրուարին տեղի ունենալիք Անիպալ Զահլէ – Սաժես Պէյրութ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենար Զահլէի մէջ, կրեց միայն ժամի փոփոխութիւն: Անիկա փոխան ժամը 18:00-ին պիտի սկսի ժամը ճիշդ 16:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

