Առաջ Քան Զամենայն` Մեր Մեծասքանչ Մայրենին
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, երեքշաբթի 21 փետրուարին, 13-րդ անգամ ըլլալով, ՄԱԿ-ի մաս կազմող բազմատասնեակ երկիրներ նշեցին «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ը: 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ճշդուած այս միջազգային տօնը յատուկ տարողութիւն ու կշիռ կը ստանայ համայն մարդկութեան, բայց` յատկապէս փոքր ժողովուրդներու համար, մանաւանդ երբ կը գիտակցինք այն ահաւոր իրողութեան, որ երկու շաբթուան ընթացքին լեզու մը անհետ կը կորսուի Երկրագունդ անուն մեր դժբախտ մոլորակին վրայէն:
Շարունակելով խօսիլ թիւերու լեզուով` յայտնենք, որ, ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէկ ուսումնասիրութեան` աշխարհի վրայ գործածուող վեց հազար լեզուներուն երեք հազարը կը գտնուի անհետ կորսուելու վտանգին տակ, ներառեալ` նա՛եւ արեւմտահայերէնը: Սակայն այս ըսել չէ երբեք, որ անհետացման սպառնալիքէն ճողոպրածները մաս կը կազմեն բախտաւոր լեզուներու ակումբին: Առանձնաշնորհեալ լեզուներու ակումբին ասեղի ծակին չափ նեղ դռնէն ներս մուտք գործելը այդքան ալ դիւրին չէ: Մշակութային, լեզուագիտական կամ քաղաքակրթական հարուստ անցեալ ունենալը հոս գրեթէ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, եթէ խնդրոյ երկիրը մաս չի կազմեր աշխարհի հզօր տէրութիւններու փոքր խմբակին: Հետեւաբար, տնտեսական, քաղաքական, արհեստագիտական եւ յարակից ազդակները աւելի ազդու եւ խօսուն են լեզուներու «սակարան»ին մէջ, քան քաղաքակրթական ու լեզուագիտական դրամագլուխը: Կարճ ու կտրուկ` երեք հազար լեզու այսօր կը գտնուի մահուան սպառնալիքին դիմաց, այսինքն` այդ լեզուները գործածող անհատներն ու հաւաքականութիւնները կը դիմագրաւեն իրենց ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը կորսնցնելու մահացու վտանգը:
Սակայն թուաբանութիւնը հոս կանգ չ՛առներ: Իրողութիւնը այն է, որ բախտաւոր կարծուած երեք հազար լեզուները այդքան ալ բախտաւոր չեն, որովհետեւ խորքին մէջ, գործածուող լեզուներուն թիւը հազիւ հարիւրի կը հասնի, իսկ մնացեալ 2900 լեզուներով կ՛արտայայտուի մեր Երկիր մոլորակի բնակչութեան ընդհանուր թիւին… միայն չորս առ հարիւր համեմատութիւնը: Լեզուահամարներն ու ուսումնասիրութիւնները այս պատասխանը կու տան մեզի, որ ո՛չ միայն փայլուն կամ կիսափայլ չէ, այլեւ ծայր աստիճան մութ է եւ մտահոգիչ, աւելի ճիշդ` բառին ամբողջական առումով ողբերգական:
Եւ եթէ այս արագ թուաբանութեան վրայ գումարենք, որ աշխարհի նոյնիսկ ամէնէն առողջ եւ է՛ն հուժկու լեզուները այսօր դէմ-յանդիման կը գտնուին անգլերէնի բարբարոս «ցունամի»ին, այն ատեն աւելի յստակ կը դառնայ, թէ համակարգիչի անսահման սահմանները գրաւած աշխարհակալ «անգլերէն»ը (որ խորքին մէջ Շէյքսփիրի ու Շիլլերի մայրենին չէ, այլ այլանդակ ու հաշմանդամ ամերիկա-անգլերէն նորածին ռամկերէն մը) ինչպիսի՛ ուժգնութեամբ կը խուժէ բոլոր լեզուներուն սահմաններէն ներս, կը քանդէ պարիսպ ու միջնաբերդ, մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն, ազգային դիմագիծ ու ինքնութիւն եւ կը նկրտի ողջ մարդկութիւնն ու ազգերը արմատախիլ ընել ե՛ւ իրենց պատմութենէն, ե՛ւ իրենց մշակոյթէն, ե՛ւ ազգային ինքնութենէն:
Ազգային փառամոլութենէ կամ շովինիզմէ մղուած չէ, որ կ՛արձանագրենք այս խօսքերը: Ընդհակառակն, համամարդկային գերագոյն շահերն են, որ մեզի կը թելադրեն տէր կանգնիլ բոլո՛ր մայրենիներուն, առանց հրաժարելու սեփական մայրենիէն, մեր պարագային` հայոց գանձերու գանձ Մեծասքանչէն, որովհետեւ հայերէնը մեզի համար հաղորդակցութեան պարզ գործիք մը չէ եղած երբեք, չէ նա՛եւ այսօր, այլ առաջ քան զամենայն մեր ազգային ինքնութիւնն է, մեզի յատուկ տրամաբանութիւնը, հաւաքական յիշողութիւնը, հայաբոյր պատմութիւնը, բանահիւսութիւնը, գիր ու գրականութիւնը, եկեղեցին ու մեր մատենագրութիւնը:
Անկասկած, այդպէս են նաեւ մնացեալ մայրենիները, որ ցանկին վրայ ալ գտնուին անոնք: Այս ըսել չէ երբեք, որ անփոխարինելի մայրենի լեզուին պաշտամունքի աստիճան սէրը մեզ պէտք է առաջնորդէ միւս ծայրայեղ բեւեռին` այլամերժութեան: Նման կոյր ազգայնամոլութիւն մը մի՛միայն մշակութային ինքնասպանութիւն կրնայ ըլլալ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Մեր պատմութիւնը սորվեցուցած է մեզի, որ մենք յաղթած ենք եւ հզօրացած, երբ հաւատարիմ մնալով այլ մշակոյթներու համամարդկային գանձերը հայացնելու Մաշտոցեան լայնախոհ աւանդին` Ոսկեդար ստեղծած ենք եւ ազգայնացուցած` այլը բնորոշող էապէս ազգային եւ տարօրէն մարդկային քաղաքակրթական հարստութիւնները եւ փառաբանած` «ձեր Նարեկացին, Շէյքսփիրը մեր»:
Մենք խորապէս գիտակցած ենք օտար լեզուները եւ մշակոյթները իւրացնելու կարեւորութեան. այն աստիճան, որ ո՛չ միայն մերն ենք ըրած ֆրանսերէնն ու անգլերէնը, ռուսերէնն ու իտալերէնը, այլեւ «օտարագիր, բայց ոչ օտար հայանուն հանճարներով նուաճած ենք օտար լեզուները եւ մրցակցած այդ լեզուները լաւագոյնս հարստացուցած մեծանուն գրողներու եւ տակաւին` նոյնիսկ անմրցելի հսկաներու հետ: Օտար մշակոյթներն ու լեզուները իւրացնելու կարեւորութեան հայ ժողովուրդը անդրադարձած է նոյնիսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծնունդէն դարէն առաջ եւ հասած… մեր Մեծասքանչ Մայրենին կորսնցնելու վտանգին սահմանները` Լեհաստանէն մինչեւ Հնդկաստան, Մոսկուայէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Փարիզէն մինչեւ Ֆրեզնօ եւ այլուր: Ապացոյց` քանի մը բառ հայերէն չիմացող, բայց արաբերէնը, ֆրանսերէնն ու անգլերէնը միաժամանակ ամենայն հարազատութեամբ գործածող մեր լիբանանահայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները: Փա՛ստ` օտար վարժարաններու մէջ «պիւլպիւլի պէս ֆղանսեղէն ու անգլերէն» գեղգեղող մեր համով-հոտով պուպրիկ աղջնակներն ու հում-հում ուտուելիք մանչուկները…
Սխալ չհասկցուինք. մայրենի լեզուի պահպանում ու պաշտպանութիւն` երբեք չի նշանակեր ուրանալ այլ լեզուներ իւրացնելու բացառիկ կարեւորութիւնը: Ո՛չ ալ` ետ մնալ քաղաքակիրթ ազգերու համաշխարհային զարգացումէն եւ հրաժարիլ մեր ուրոյն լեզուա-քաղաքականութեան ժամանակակից հնչեղութիւն, ուղենշային զօրութիւն ու նպատակասլաց թափ ու թռիչք տալու ազգային, պիտի ուզէինք ըսել եւ ընդգծել համամարդկային քաղաքակրթական բովանդակութիւն ու տարողութիւն տալու նուիրական պարտականութենէն:
Պատասխանատու եւ արժանապատիւ մօտեցում` մայրենիին նկատմամբ: Ա՛յս կ՛ըսէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաղորդագրութիւնը: Շուրջ տասնհինգ դար առաջ, նո՛յնը ըսած եւ մշակութային հանգանակի վերածած են Մեսրոպ Մաշտոց եւ աշակերտներ:
Աւելի՛ն. մեզի համար նորութիւն չէ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կոչին շարունակութիւնը, որ կը պատգամէ համայն մարդկութեան կատարելապէս տիրապետել մայրենիին, բայց միաժամանակ սորվիլ երկու օտար լեզունե՞ր, ո՛չ միայն աշխարհի հետ հեզասահօրէն հաղորդակցելու համար, այլեւ` մշակութային բազմազանութեան հիմերը ա՛լ աւելի խարսխելու համամարդկային տեսլականէն առաջնորդուած: Այս դիտանկիւնէն մօտեցած` լաւապէս տիրապետել մայրենի լեզուին, նաեւ կ՛ենթադրէ ամրացնել բոլոր մայրենիներուն հիմնասիւները, այսինքն` միաժամանակ թափ տալ մշակութային կենսունակ բազմազանութեան, որուն շնորհիւ կը հարստանան ո՛չ միայն անհատներն ու հաւաքականութիւնները, ազգերն ու ցեղախումբերը, այլեւ` համա՛յն մարդկութիւնը: Եւ կ՛առաջանայ աշխարհ մը` աւելի առողջ, աւելի հարուստ եւ ա՛լ աւելի բազմազան, բազմամշակոյթ ու ներգործօն իր մարդկութեամբ:
Ահա թէ ինչու չորս առ հարիւրին կորուստը համայն մարդկութեան, կարճ ըսած` մշակութային համամարդկային հարստութեան նախճիրն է: Վերջապէս, այս փոքր տոկոսը հազար լեզուներ կ՛արժէ, լեզուներ` որոնք աշխարհի բազմահարիւր ժողովուրդներու գոյութեան իրաւունքին, ստեղծագործ կեանքին եւ պայծառ ապագային երաշխիքն ու գրաւականն են: Մէկ խօսքով` աւելի առողջ, կենսունակ, հարուստ եւ բազմամշակոյթ մարդկութեան մը ինքնութեան վկայագիրներն են անոնք: Մարդկութեան առաջին եւ վերջին ռեզոն տ՛էթրը:
Վերադառնալով մեր փոքր ածուին` եզրակացնենք եւ ըսենք, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն որ ցանկին վրայ ալ զետեղէ մեր սքանչելի արեւմտահայերէնը, անհետացման վտանգին ենթակայ դժբախտ լեզուներու կողքին, թէ բախտաւորներու շարքերուն մէջ, արեւմտահայերէնի անփառունակ ներկան ու նոյնքան մթաստուեր ապագան պէտք է մնայուն եւ ամէնօրեայ տագնապ ըլլայ ո՛չ միայն հայրենի պետութեան, սփիւռքահայ կրթական, մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներու պատասխանատուներուն, այլեւ` աշխարհասփիւռ մէն մի հայու համար:
Բազմաճիւղ եւ բազմամակարդակ այս մարտահրաւէրին ո՛չ ոք կրնայ անմասն մնալ: Ուժերու ամբողջական գերլարումով, համակարգուած երկարաշունչ ծրագրով պայքարի դաշտ նետուելու ժամանակը անցած է վաղուց: Կորսնցուցած ենք շատ բան: Զանազան հայագաղութներու մատղաշ սերունդներուն եւ նոյնիսկ կազմաւորուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն համար, փաստօրէն, արեւմտահայերէնը այսօր նոյնիսկ օտար լեզու չէ, ուր մնաց մայրենի:
Բայց, ինչպէս իմաստուն առածը կ՛ըսէ. «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»: Եւ ինչպէս մեր բոլոր գոյապայքարները, այս էամարտն ալ պէտք է շարժի ընտանիքէն. վասնզի հայ ընտանիքն է անառիկ առաջին պարիսպը հայուն էութեան ու հպարտութեան, լեզուին ու ինքնութեան, արժանապատուութեան ու գիտակցութեան: Անդրանի՛կ ամրոցը, որմէ ետք կու գան դպրոց, մամուլ, եկեղեցի, ակումբ եւ այլանուն մեր միւս միջնաբերդերը: Սկսի՛նք ընտանիքէն, որպէսզի մեր ինքնութեան վահան, մեր հաւատքի պահապան եւ մեր գոյութեան սուր ու սրբարան Մեծասքանչը շողայ պայծառ ու յաղթական եւ արեւու լոյսին հետ բացուող մէն մի հրաշք օր հայուն համար ըլլայ Մայրենիի Տօն ու Տօնահանդէս:
ԿԱՐՕՏ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ
Երկար ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:
Ու, լքուած նուագարանի մը նման, հայերէնս արդէն կարկամեր է միտքիս անկիւններուն մէջ: Խաշած ոսկորներու պէս, միսէ զուրկ ու ճերմակ, կաւիճ են դարձեր բառերս: Իրարու կը զարնեմ` գտնելու համար հին ձայները: Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր:
Գիշերը երազիս մէջ իսկ հայերէն չեմ խօսիր: Վասն զի փոխուա՜ծ են մարդիկը, որ, երազներուս մէջ, շուրջս կը դառնան, եւ նոր ընկերներս, որ, լուս-օրերուն, հետս կ՛աշխատին:
– Պիտի մոռնաս լեզուդ,- կ՛ըսէ մեր յիմարանոցին այրերու բաժնին ներքին բժիշկը, որ, ծագումով յոյն, ֆրանսական հիւանդանոցներու մէջ ապրելով, արդէն փոխեր է իր ազգը:
Տխրութիւն կը զգամ, շրթներս կը պրկուին, կ՛ուզեմ լալ մանուկի մը պէս, որ շուրջը կը նայի` փնտռելու համար պաշտպան մը:
Ու կը դիտեմ պարտէզը` պատուհանս ի վար:
Օ՜, հոգիիս մէջ պարտէզը, յանկարծ, կը փոխուի բանաստեղծութեան մը, հայերէ՜ն, հայերէ՜ն: Կը զգամ, որ կ՛արթննան յիշատակները ներսս, բառերը կ՛ողջննան, գոյները կը վառին, ձայները կը թրթռան: Կը հասկնա՜մ, լեզո՛ւս է, որ կը թագաւորէ դեռ հոգիիս մէջ: Ալէլուիա՜, ո՜վ իմ լեզուս հայերէն, երկինքի պէս մաքուր, լոյսի պէս պաշտելի: Ո՛չ, երբեք պիտի չմոռնամ քեզ, երբե՛ք:
– Պիտի մոռնա՜ս լեզուդ, ու վաղը պիտի չուզես իսկ լսել զայն… Կ՛ատեմ պաշտօնակիցս, որովհետեւ շարունակ կը պնդէ եւ դող կը հանէ ներսս: Եթէ յանուն անողոք ճշմարտութեան մը կը խօսի ան, դարձեալ կ՛ատեմ: Ու կ՛ատեմ ճշմարտութիւնն ալ: Կը նախընտրեմ խաբկանքը: Թողէ՛ք, որ յանձնուիմ սիրած պատրանքներուս, եւ երջանկանամ` մտածելով, որ հայերէնս պիտի չմոռնամ ես, իբրեւ բացառութիւն:
Պիտի չմոռնամ, պիտի չմոռնամ: Ամէն օր, հին նուագարանի մը պէս, դուրս պիտի հանեմ զայն միտքիս անկիւններէն: Պիտի նուագեմ զայն մինակս, անով պիտի լամ ու ծիծաղիմ, պիտի երգեմ ու կանչեմ: Ո՜վ իմ քաղցր հայերէնս:
Բայց… երկա՜ր, երկա՜ր ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:
ՇԱԲԱԹ
Այս գիշեր, երազիս մէջ, հայերէն խօսեցայ:
Նստեր էի պատուհանիս առջեւ: Արեւը ծառերուն մէջէն հոսելով կը թրջէր գլուխս: Ու գունաւորուեր էին գիրքերս, որոնց մէջ ծրարած կը պահեմ աշխարհի բոլոր հիւանդութիւնները: Պարտէզին պատին վրայ սեւ կատու մը իր եղունգները կը սրէր ջղայնութեամբ: Յանկարծ ճանկը զարկաւ թուղթի կտորի մը, որ գալարուեր էր չորցած տերեւի մը նման: Կատուն մօտեցուց միւս ճանկն ալ ու բացաւ թղթիկը: Աչքերս հայերէն գիրերու հանդիպեցան: Սիրտս ամանի մը պէս շրջեցաւ կուրծքիս տակ եւ տաք բան մը վազեց մարմինիս ամէն կողմը: Արագ, պարտէզ իջայ: Թղթիկը ազատեցի կատուին ճանկէն եւ…
Եւ ես, որ մեծ մարդոց յաւակնոտութեամբ, սովորութիւնը ունէի կարդալու միայն նշանաւոր գրողներու յօդուածները, բացի թղթիկը եւ կարդացի: Պզտիկ ազդ մըն էր, օրաթերթէ մը փրցուած,– հայ որբ տղեկ մը կը փնտռէր իր մայրը: Թուղթին միւս էջը, կար նաեւ հայ նպարավաճառի մը ազդը, զոր նոյնպէս կարդացի ամբողջութեամբ: Յետոյ նորէն կարդացի, որովհետեւ հաճոյք կը զգայի: Յետոյ գիրերը քննեցի, եւ անգամ մըն ալ կարդացի:
Ու նեղացայ կատուին.
– Ինչո՞ւ կը բզկտես այս թղթիկը,– ըսի հայերէն:
Ու կատուն պատասխանեց ինծի, նոյնպէս հայերէն.
– Որովհետեւ մուկի պէս պզտիկ էր եւ աղմուկ կը հանէր:
– Հայ տղեկ մը գրած է զայն,– ըսի:
– Ինչո՞ւ հոս ինկեր է,– հարցուց:
– Մենք հիմա ինկած ենք ամէն կողմ:
Յետոյ անոր նկարագրեցի մեր պատմութիւնը, մեր արուեստը, մեր պատերազմները, մեր դիւանագիտութիւնը, մեր յառաջապահ յեղափոխականներուն կացութիւնը: Նոյնիսկ ըսի, թէ բոլշեւիկնե՜ր ալ տուած ենք աշխարհի:
Կատուն, փոխանակ հիանալու, պատասխանեց:
– Երկա՜ր պատմութիւն:
– Այո՛, երկար է: Ստիպուած ենք երկար խօսիլ, որովհետեւ անարդարութիւն պիտի ըլլար, եթէ չսկսէինք աշխարհի ստեղծումէն, երբ ստեղծուած է նաեւ մեր ժողովուրդը:
– Խօսքը ժամանակի կորուստ է,– առարկեց կատուն, աչքերը բացխփելով:– Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ, մեզի պէս ըրէք: Երբեք չխօսիլ: Եւ երբեք չխղճալ մուկերուն: Երբեք երախտագիտական զգացում չունենալ, ապերախտ ըլլալ նոյնիսկ տիրոջ հանդէպ: Երես դարձուցէք զգացումներուն: Եթէ մանուկի մը ձեռքը կարագ կայ, բարեկամացէք: Ձեր կռնակը քսեցէք անոր մերկ ոտքերուն: Մանուկը հաճոյք կը զգայ մուշտակէն եւ կը ձգէ ձեռքի կարագը: Յափշտակեցէք, կերէք, եւ գացէք երազել տաք օճախին անկիւնը: Եթէ տանտիրուհին գոռայ ու պոռայ իր տղոցը, դուք փակեցէք ձեր աչքերը, քնանալ ձեւացուցէք: Սակայն միշտ արթո՜ւն եղէք, պատրաստեցէք ճանկերը` եթէ ծեծելու գան:
Ես, հայ տղայ, քրիստոնէական զգացումներով մեծցած տղայ, մտիկ չըրի կատուին: Բայց շատ գոհ էի, որովհետեւ հայերէն կը խօսէի եւ հայերէն կը լսէի:
– Զգացումները կը մոլորեցնեն ձեզ,– շարունակեց կատուն:– Լաւ է, օրինակի համար, սիրոյ յատկացնել միայն Մարտ ամիսը: Միւս տասնմէկ ամսուան ընթացքին փիլիսոփայ եղէք: Օ՛ն, քիչ մը չարութիւն ըրէք մարդոց, քիչ մը չարութի՜ւն…
Յետոյ երազս պղտորեցաւ, կատուն մարդ դարձաւ, ծառերը վարդապետ եղան, տուները սկսան ծփալ օդին մէջ, եւ ես արթնցայ:
Արթնցայ ուրախ սիրտով:
Ուրախ էի, որովհետեւ հայերէն էի խօսեր: Հոգ չէ թէ կենդանիի մը հետ:
ԿԻՐԱԿԻ
Այս առաւօտ, սակայն, աւելի քան երբեք կարօտն ունիմ հայերէն խօսելու: Կ՛ուզեմ հայերէն խօսիլ բաց աչքով: Հա՜յ մը, հայ մարդ մը կը փնտռեմ, խօսելու համար հետը: Մուրացկա՜ն մը թող ըլլայ, աղտոտ սրիկայ մը թող ըլլայ, վերջապէս բերա՜ն մը, որուն հայերէն խօսէի եւ անկէ հայերէն պատասխան մը առնէի: Ո՜վ որ կը հասկնայ նոր ու տարօրինակ այս զգացումը, այս տառապեցնող զգացումը, կարօ՜տը լեզուին, թող օգնէ ինծի: Կ՛ուզեմ, որ հայ գաղթական մը, հոգ չէ թէ լեզուն մոռցած ըլլայ, բայց գիտնայ միայն մէկ բառ, իյնա՜յ ճամբուս վրայ, եւ ես կարենամ ըսել.
– Հա՞յ ես:
Անիկա գլխով «այո՛» ըսէր ինծի: Եւ ես անմիջապէս, հօրս մօրս սորվեցուցած լեզուովը գոչէի, ամբողջ յուզումս ու հոգիս թափէի իր ականջին մէջ սա մէկ բառով.
– Բարի-լոյս…
Ու ան ինծի պատասխանէր.
– Բարի-լոյս…
Տիեզե՛րք վկայ, ասկէ աւելի քաղցր եւ ասկէ աւելի տխուր բան չկայ: Այդ բառին մէջ մեր ժողովուրդը ինչե՜ր է պահած: Այդ բառին մէջ մեր հայերէնը ինչե՜ր է դրած:
Ո՜վ իմ մեծ հայերէնս, ես քեզի կը հաւատամ այս բառիդ մէջ, ես քեզ կարօտցած եմ այս բառիդ խորունկ նշանակութեան ըղձանքովը:
Ո՜վ իմ ըղձալի հայերէնս, առաւօտեան պէս թարմ եւ գիշերուան պէս խորունկ, մանուկի մը պէս զուարթուն եւ տարեցի մը պէս իմաստուն, սիրոյ պէս հաճելի եւ գարնան պէս գեղեցիկ:
Ո՜վ իմ անուշ հայերէնս, գիւղացիի ու քաղքցիի լեզու, բանուորին ու թագաւորին բերնին յարմար, երիտասարդ եւ հուժկու, ապրա՜ծ մնաս դուն:
Ո՜վ իմ բրդոտ հայերէնս, աղօթքի մը պէս մխիթարիչ, դեղի մը պէս օգտակար, եթէ մոռցայ մէկ վանկդ, թող ա՛լ չդառնայ լեզուս մեղաւոր բերնիս մէջ:
Ես քեզ այնքա՜ն կը սիրեմ, որ այսօր կը փնտռեմ նոյնիսկ մանկապարտէզի հին «օրիորդ»ս` խնդրելու համար կրկնել հայերէնի առաջին դասս: Քերականս դնէի ծունկերուն վրայ, տառապանքէն մարմինս փայտացած, յուզումէն բերանս ծռած, արցունքը աչքերուս մէջ կարմրած, լեզուս վախցած, ոտքերս երկրաշարժի բռնուած, մեղաւոր ձայնով մը ըսէի.
– Օրիո՜րդ, անգա՜մ մըն ալ կարդա՛ դասս, ինչպէս հին օրերուն, քու եղանակաւոր ձայնովդ,- զ, ա, զա,- տ, ի, կ, տիկ,- զատիկ:
Ա՜խ, մեծ Աստուած, քեզի բնաւ չեմ հաւատար, բայց ցաւը զիս մանուկ է դարձուցեր, եւ նորէն, ահա նորէ՜ն ամպերուդ կը բարձրացնեմ ճակատս: Երկնքի Աստուած, հայերէն լեզուիս ամէնէն գեղեցիկ բառերը կու տամ, քեզի, միայն, թէ հրաման ըրէ, որ իմ լեզուս գտնէ իր երջանկութիւնը:
Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ ըսեմ: Այս պահուս շա՜տ յուսահատ եմ: Հոգիէս իսկ կը վախնամ, որովհետեւ երիտասարդի հոգի է, կը խաբուի՜ օտարին շքեղութիւններէն, կ՛ելլէ կը մոռնայ լեզուս: Ուստի ապաւէ՜ն մը կ՛ուզեմ, պաշտպանելու համար լեզուս:
***
Աճեցա՜ւ, աճեցա՜ւ ցաւս: Հասաւ մինչեւ զառանցանք:
Ելեր եմ դաշտն եմ ինկեր, որպէսզի չըլլա՜յ թէ մարդ մը լսէ զառանցանքս եւ խենթ կարծէ զիս: Եկեր եմ, այստեղ, ազատ բնութեան մէջ, բարձրաձայն հայերէն խօսելու: Պիտի ըսեմ այն բոլոր աղօթքներն ու երգերը, զորս մայրս սորվեցուցած էր ինծի, պզտիկուցս: Պիտի խօսիմ ծաղիկներուն ու քարերուն հետ, որոնք, ինչպէս իմ գիւղիս ողջութեանը, լեզու կը բանան ու կը կանչեն անունովս: Ի՜նչ լաւ է այսպէս, խօսիլ հին բարեկամներու հետ մեր լեզուովը:
Թիթեռնիկնե՜ր, նախշո՜ւն թիթեռնիկներ, որ կը նմանիք իմ գիւղիս թիթեռնիկներուն, եկէ՜ք, եկէ՜ք հայերէն խօսինք: Ձորեր ու անտառներ, հայերէն երգեցէք, մտիկ ընեմ ձեզի: Հո՜ղ, հո՜ղ, յաւիտենական հո՜ղ, պղպջա՛ այն հին վանկերը, զորս իմ նախնիքս ցանած են երկրի վրայ: Ջրի՜կ, որ արծաթ տերեւներու նման թափեր ես մարմանդին վրայ, թրջէ՛ լեզուս, որպէսզի միշտ հին յիշատակներ խօսի:
Ահա կը ծռիմ, մանիշակի մը համեստութեամբ կանանչ խոտերուն կը հաւասարիմ, ծունկի կու գամ, ծաղիկի պէս` շրթներ կը բանամ ու կ՛արտասուեմ.
Հայր մեր որ յերկինս ես…
Թռչուն մը կ՛անցնի գլխուս վրայէն. կը ցատկեմ, կը վազեմ եւ յանկարծ, հոգւոյս մէջ կը լսեմ բազմութեան մը քայլերը, երկաթի նման, եւ երգ մը գետի նման: Ձայնս կը բանամ ու կը հետեւիմ երգին, մենաւոր եւ ճերմակ ճամբէն կը քալեմ արագ-արագ, ոտքերս զինուորական կշռոյթ կը ստանան, շրթներս այծի ձայնի պէս կը կտրտեն երգս, աչքերս կը պտղորին, մենութիւնը կը վախցնէ զիս, յուզումը կը խեղդէ կոկորդս, բայց կը դիմադրեմ սարսուռներուս եւ զառանցանքին դէմ, շրթներուս վրայ պահելու յամառութեամբ տխո՜ւր երգն հայոց.
Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր,
Մեր թշնամեաց ոտնակոխ…
ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ


