Ըստ Հարցախոյզի Մը Ռուս Քուէարկողներուն 58.7 Առ Հարիւրը Պիտի Քուէարկեն Ի Նպաստ Փութինի

Վլատիմիր Փութին

«Vz.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Հասարակական կարծիք» հիմնադրամին կատարած հարցախոյզի տուեալները ցոյց կու տան, որ Ռուսիոյ մէջ 4 մարտին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն մտադիր է մասնակցիլ բնակչութեան 73 առ հարիւրը, որուն մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ վարչապետ Վլատիմիր Փութինին ի նպաստ քուէարկել:

Ըստ հարցախոյզին, ընտրողներու 61.8 առ հարիւր մասնակցութեան պարագային, Փութին կրնայ յաղթել ընտրութեան առաջին փուլին` ստանալով քուէներուն 58.7 առ հարիւրը:

Մասնակցութեան նման ցուցանիշի պարագային, Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով պիտի ստանայ ձայներու 16.2 առ հարիւրը, Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի` 8.8 առ հարիւրը, անկախ թեկնածու Միխայիլ Փրոխորով` 8.6 առ հարիւրը, իսկ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնով` 6.1 առ հարիւրը:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 9 առ հարիւրը նշած է, որ ընտրութեան պիտի չմասնակցի, իսկ 18 առ հարիւրը յայտնած է, որ մասնակցելու հարցին շուրջ տակաւին որոշում չէ տուած:

«Հասարակական կարծիք» հիմնադրամի հարցախոյզը կատարուած է 18-19 փետրուարին: Ըստ «Լեւատա կեդրոն»-ին կատարած մէկ այլ հարցախոյզին, Փութին դարձեալ կը գրաւէ առաջին դիրքը, եւ հարցախոյզի մասնակիցներուն 63-66 առ հարիւրը պատրաստ է ի նպաստ անոր քուէարկելու:

Share this Article
CATEGORIES