«Իրանի Դէմ Զինուորական Յարձակումը Իսրայէլի Ոչնչացման Պիտի Յանգեցնէ» Կ՛Ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը
Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտարարած է, որ «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, որ Իրանի դէմ ուղղուած որեւէ զինուորական գործողութիւն իր լիակատար ոչնչացման պիտի յանգեցնէ»:
Նախարարը աւելցուցած է, որ Իրանի հասցէին իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հնչեցուցած սպառնալիքները առնուազն ծիծաղելի են` հաշուի առնելով Իրանի զինուորական ներուժը եւ Իսրայէլի վարչակարգին դէմ պայքարելու լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան փորձառութիւնը:
«Լիբանանը արաբական միակ երկիրն է, որ բացայայտ կերպով Իսրայէլի դէմ հանդէս կու գայ: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ազատութեան իսկական մարտիկ է», ընդգծած է ան:
CATEGORIES Միջազգային