«Սուրիոյ Մէջ Քաոսային Վիճակ Մը Ստեղծող Կողմերը Նոյնը Կը Ցանկան Նաեւ Լիբանանին, Եւ Մենք Բանիւ Եւ Գործով Պիտի Պայքարինք Անոնց Դէմ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարներուն` սէյիտ Ապպաս Մուսաուիի, շէյխ Ռաղեպ Հարպի եւ հաժ Իմատ Մուղնիէի նահատակութեան տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրէ ետք Նապի Շիթի մէջ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:
Իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ մահուան գաղափարին` նկատել տալով, որ անիկա մարդ անհատին կը յիշեցնէ, թէ ան հասարակ մահկանացու է, որքան ալ ան ինքզինք հզօր, հարուստ կամ մեծ կարծէ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան հիմնադիր ղեկավարները նահատակուած են Իսրայէլի դիմադրութեան ճամբուն վրայ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը շարունակէ անոնց ուղիով ընթանալ` պաշտպանելով Լիբանանն ու անոր բռնագրաւուած հողերը ազատագրելով:
Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարած այն կեցուածքին, որ Լիբանան անունով երկիր գոյութիւն չունի աշխարհի քարտէսին վրայ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իսրայէլեան մտայնութիւնը այդ մէկը կ՛ենթադրէ եւ ատիկա նորութիւն պէտք չէ ըլլայ: Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան մտայնութիւնը հիմնուած է սպառնալիքի, սպանդի եւ սրբավայրերու պղծումին վրայ, ըլլան անոնք քրիստոնէական թէ իսլամական:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլի «ներդրում»-ը պէտք է փնտռել նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Աֆղանիստանի մէջ հրկիզուած Քորաններուն պարագային:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլը կ՛ուզէ տագնապները եւ բախումները կրօնական բնոյթի վերածել: «Եթէ ընդառաջենք Իսրայէլի դաւին, ապա մենք ինկած կ՛ըլլանք անոր դաւադրութեան ծուղակին մէջ: Իսրայէլեան ճիգեր պէտք է փնտռել նաեւ շրջանին եւ Լիբանանի պարագային, որովհետեւ ով որ կ՛ուզէ շրջանը քանդել, կը փափաքի նաեւ Լիբանանը քանդել, եւ մենք պիտի ընդդիմանանք անոր», նշեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ի՛նչ որ ըսեն կամ կատարեն, Դիմադրութիւնը չի վախնար: «Երբ մենք աւելի քիչ էինք եւ երբ մեր զէնքերը աւելի քիչ էին, չէինք վախնար, ուր մնաց հիմա, երբ մենք տասնեակ հազարաւոր ենք, զէնք ու զինամթերք ունինք եւ Իսրայէլը պարտութեան մատնած ենք», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ պէտք է զգաստ ըլլալ եւ հետեւիլ սիոնական գոյացութեան, շրջանին ու Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրաւ շրջանցել այս հանգրուանը` պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ սադրանքներն ու լարուածութիւնը իրենց օրօրոցին մէջ խեղդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է յաւելեալ աշխատանք տանի, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ձեռք բերել եւ նուաճումներ իրագործել:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց կառավարութեան նիստերուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան աշխատանքը:
Երկրին տնտեսական կացութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պէտք է անմիջապէս սկսիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարին քննարկման` օգտագործել կարենալու համար երկրին բնական հարստութիւնները եւ փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնը:


