Պըրրի Ընդունեց Ժեմայէլը

Ժեմայէլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ ելեւմտական հարցերու թղթածրարին պարագային նախապէս ստեղծուած նիւթական բացին հարցը կարելի ըլլայ լուծել` երեսփոխաններուն համախոհութեամբ:

Ժեմայէլ շեշտեց յատկապէս այս հանգրուանին Լիբանանի ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դաշինքը շատ լաւ վիճակի մէջ է եւ ոչ մէկ հարց կայ այդ գծով:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանը պէտք է ամուր պահել շրջանը հարուածող փոթորիկներուն դէմ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Իրան:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը:

Պատասխանելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութեան` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան Իսրայէլի բարդոյթն է` աւելցնելով, որ իսրայէլեան տիրապետութիւնը երբեք պիտի չհասնի Լիբանան:

Պըրրի շեշտեց, որ Նեթանիահուի մտայնութիւնը իսրայէլեան տիպի կեցուածք կը դրսեւորէ: «Նեթանիահուէն առաջ իսրայէլացի պաշտօնատար Մոշէ Տայան իր կարգին ըսած է, որ Լիբանան իր սեւ աչքին վրայ կը գտնուի», աւելցուց Պըրրի:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ սկզբունքով ինք համաձայն չէ խորհրդարանին մէջ կարգ մը երեսփոխաններուն ցուցաբերած վարուելակերպին` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջով է, որ ներկայացուած է 8,900 միլիառ լ. ոսկիի վերաբերող օրինագիծը, որ կէտ առ կէտ բացատրուած է, մինչդեռ նախորդ կառավարութիւններուն կողմէ մսխուած 11 միլիառ տոլարի գումարին գծով տակաւին ոչ մէկ բացատրութիւն կայ:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք առիթ պիտի տայ փոխըմբռնումի` իւրաքանչիւր պլոքի պարագային յանձնախումբ մը կազմելու ընդմէջէն:

«Նահար»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կեցուածքին իմաստով անհանգիստ զգացած է, որովհետեւ Սինիորա ստիպած է Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները լքելու խորհրդարանը:

Պըրրի ընդգծեց, որ 5 մարտի օրէնսդրական նիստը պէտք է փակուի օրինագիծերու վաւերացումով:

Share this Article
CATEGORIES