«Միացեալ Նահանգներ 2013-Ին Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հաստատման» Կ՛Ըսէ Քլինթըն
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն 2013-ին պիտի շարունակէ աջակցիլ Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան կայացման:
Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ «2013-ի ելեւմտական տարին, միջազգային յարաբերութիւններն ու Քոնկրեսի պիւտճէական վաւերացումները» նիստին ժամանակ յայտնած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործընկերներուն հետ»: Ան ընդգծած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմնակից է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ աբխազական եւ հարաւօսական տագնապներուն: «Վրաստան տակաւին Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տագնապներու խնդիրին առջեւ կանգնած է: Այդ տագնապները կարելի է վերագրել նաեւ 2008-ին Ռուսիոյ հետ կապուած դէպքերուն: Ատոր հետ մէկտեղ կը շարունակուին տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումները», ըսած է Քլինթըն եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգներու նպատակը անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական հարցերուն մէջ ուժեղ գործընկեր եւ շրջանին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հաւանական օրինակ Վրաստանին աջակցիլն է: