«Համանախագահները Մարտի 2-րդ Շաբթուան Ընթացքին Շրջան Պիտի Այցելեն» Կ՛Ըսէ Մամետեարով
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մարտի երկրորդ շաբթուան ընթացքին շրջան պիտի այցելեն:
Մամետեարով երէկ Պաքուի մէջ Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նաեւ յայտնած է, որ նշեալ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումներու ժամկէտները կրնան որոշուիլ:
CATEGORIES Հայկական