Հոլլանտ Շահագրգռուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Որդեգրումով
«Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ ՀՅԴ-ն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ռիշար Անանեան եւ Մուրատ Փափազեան, 20 փետրուարին հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի նախագահական ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին իր աջակցութիւնը: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները նախագահութեան թեկնածուին հետ քննարկած են բազմաթիւ խնդիրներու վերջին զարգացումները:
Ֆրանսուա Հոլլանտ իր նուիրուածութիւնը հաստատած է այն պայքարին, որ կը տարուի ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման համար, եւ խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային արագացնել այդ հոլովոյթը, եթէ Սահմանադրական խորհուրդը մերժէ օրէնքը: Հոլլանտ համաձայն է օրէնքը հրապարակելու իր նստաշրջանի սկիզբը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ իր դիրքորոշումը 2006-էն ի վեր չէ փոխուած:
ՀՅԴ պատուիրակութենէն Մուրատ Փափազեան հանդիպումին աւարտին յայտնած է, որ «Ֆրանսուա Հոլլանտ իբրեւ քաղաքական գործընկեր կը գնահատէ մեր հաւատարմութիւնը, եւ մենք կը հաստատենք, որ 2006-էն ի վեր ան գործնական կերպով արտայայտած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ իր դրական վերաբերմունքը: Գիտենք, որ ան անձամբ շահագրգռուած եղած է, որ ընկերվարականներու խմբակցութիւնը խորհրդարանին եւ ծերակոյտին մէջ Վալերի Պուայէի առաջադրած նախագիծին թեր արտայայտուի: Եւ մենք գիտենք, որ Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրէնքը չընդունելու պարագային Ֆրանսուա Հոլլանտը, եթէ Ֆրանսայի նախագահ ընտրուի, պիտի կատարէ իր խոստումը»:


