50 Տարի Առաջ (27 փետրուար 1962)

ՏՈՄՍԵՐ

ՄՈՒՐԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Քսաներորդ դարը, որ յառաջդիմութեանց եւ մեքենաներու դարն է, չէ մոռցած նաեւ զարգացնելու մուրալու արուեստը: Արդ, որքան աշխարհը կը զարգանայ, այնքան անգործութիւնն ո՛ւ մուրացկանութիւնը կ՛աճին ու կը զարգանան` Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով:

Օր ըստ օրէ զարգացող մուրացկանութիւնը օրուան պայմաններուն համեմատ ստեղծած է մուրալու զանազան ճիւղեր, ինչպէս որ գիտութիւնը ստեղծած է զանազան տեսակի բժշկութեանց ճիւղեր` ակնաբուժութիւն, վիրաբուժութիւն, մանկաբուժութիւն եւ վերջապէս, գեղաբուժութիւն, որ ամենափայլուն ապագայ խոստացողն է:

Այսպէս, կան զանազան տեսակի մուրացողներ: Մեծապատիւներու կարգին պատկանողները նկատի չեմ առներ.-

Կոյրեր առաջնորդելով մուրացողներ, ուր բուն մուրացողը կոյրը վահանի պէս իր առջեւ կը բռնէ… կծծիներու դէմ:

Դեղագրով մուրացականութիւնը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած է անցնող մէկ քանի տարիներու ընթացքին: Լաւ կ՛ըլլայ, որ այդպիսի դեղագիր տուող բժիշկներ, որ դեղագրի փոխարէն, փող տան մուրացողներու: Այդպիսով կրնան քաղաքի մաքրութեանը սատարել:

Անգործութեամբ մուրացողներ ալ կան: Կրնայ պատահիլ, որ հուժկու տղամարդ մը մօտենայ քեզի եւ յայտնէ, թէ գործէն նոր արձակուած է, եւ քիչ մը դրամ` ուտելիքի համար:

Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք անկիւն մը նստելով` իրենց զաւակները հրապարակ կը նետեն: Գանձանակը միշտ իրենց քով կը թողուն այնպիսիները: Ասոնք կը նմանին այն միջազգային ընկերութեանց, որոնք զանազան երկիրներու մէջ մասնաճիւղեր կը բանան:

Մուրացկան մը քահանայէ մը աւելի օրհնութիւն կը բաշխէ: Տակաւին քովը չմօտեցած` կը սկսի օրհնել մինչեւ եօթներորդ պորտը: Եթէ պատահի, որ ափին մէջ մէկ քանի դահեկան սահեցնես, կը ջանայ իր աղօթքը մինչեւ երկնքին եօթներորդ յարկը հասցնել: Իսկ եթէ պատահի, որ անտարբերութեամբ անցնիս քովէն, քիչ մը հեռանալէդ ետք երեւէդ փոքր հայհոյանք մը սահեցնելը այնքան ալ դժուար չէ:

Ես մուրացկաններու օրհնութեանց հաւատացող չեմ. որովհետեւ եթէ այդ օրհնութիւնները իրականանային, ես այսօր չորս կնիկի, երկոտասան զաւակներու եւ եօթանասունեօթը թոռնիկներու տէր կ՛ըլլայի…

ԳԵՒՕ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՕՏԵՐՍ ՈՍԿԻ
ՊԻՏԻ ԱՐՏԱԴՐԷ

Հայաստանի ընդերքը կարեւոր գաղտնիք մը երեւան հանեց վերջերս: Բասարգեչարի Զոդ գիւղին մօտերը գտնուեցաւ ոսկիի հարուստ հանք մը, որ երկու հազար տարի առաջ Արեւելքի ամէնէն մեծ եւ հարուստ ոսկեհանքերէն մէկը կը նկատուէր: Շրջանը եղած է հաղորդակցութեան կարեւոր ճամբայ մը` մերձսեւծովեան երկիրներէն դէպի Հնդկաստան գացող-եկող առեւտրականներուն համար:

Անհամար եւ անողոք կռիւներ մղուած են այս շրջանին մէջ: Յունական, հռոմէական, արաբական եւ պարսկական հրոսակները իրենց ասպատակութիւններուն ժամանակ շարունակ կ՛աշխատէին տէր դառնալ Հայաստանի գանձարանին` Զոդի ոսկեհանքերուն: Եւ տիրելէ ետք, կողոպտած ու տարած են եւ լեցուցած` իրենց արքունի գանձարանները: Օր մըն ալ հիմնայատակ եղած են հանքերը, հողին հաւասար դարձած:

1930-ին հետախոյզներու խումբ մը, առաջին անգամ ըլլալով, գնաց Զոդ:

Մինչեւ 1955 բոլոր պրպտումներն ալ անցան ապարդիւն: Վերջապէս, 1955-ին, ծանօթ երկրաբան Սամուէլ Մաթեւոսեան յաջողեցաւ երեւան հանել ոսկիի հարուստ հանքերը, որոնք անհամեմատօրէն հարուստ են:

Հեռու չէ այն օրը, երբ Հայաստան պիտի արտադրէ ոսկի:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Լոյս տեսաւ Խաչատուր Աբովեանի երկերու ամբողջական հաւաքածոյին վերջին` 10-րդ հատորը: Առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1947-ին` Աւետիք Իսահակեանի խմբագրութեամբ:

Ամբողջական գործերուն մէջ ի մի հաւաքուած են մեծ լուսաւորչին ձգած գրական, գիտական եւ մանկավարժական հարուստ ժառանգութիւնը: Առաջին չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են Աբովեանի գեղարուեստական արձակ եւ չափածոյ երկերը: ինչպէս նաեւ անոր կատարած թարգմանութիւնները` Հոմերոսէն, Կէօթէէն, Շիլլերէն, Կրիլովէն եւ այլն:

10-րդ հատորին նիւթերը պատրաստուած են Աբովեանի ձեռագիրներուն հիման վրայ, որոնք գրուած են հայերէն (գրաբար եւ աշխարհաբար), ռուսերէն, գերմաներէն, քրտերէն եւ ազրպէյճաներէն եւ կը գտնուին Երեւանի, Ս. Փեթերսպուրկի, Թիֆլիսի, Տարտուի եւ Կազանի արխիւներուն մէջ:

Աբովեանի գերմաներէն գործերը մեծ հմտութեամբ հայերէնի թարգմանած է իր թոռը` Կոնստանդին Աբովեան:

Share this Article
CATEGORIES