Խնդրայարոյց Իրադարձութիւններ. Ցանկայարոյց Մայրապետներ, Դաջուած Քրիստոս Մը…
ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆՆԵՐ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐԵՆ «ՍՐԲԱՊԻՂԾ» ՆԿԱՐՆԵՐ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Կաթոլիկ «Էյ. Ի. Էս» խմբաւորումը ցոյց մը կատարած է Մատրիտի Ֆրեշ պատկերասրահին դիմաց` բողոքելով հոն ցուցադրուող քանատացի արուեստագէտ Պրուս ԼաՊրուսի լուսանկարներուն դէմ, որոնք կը կրեն «Լկտիութիւն» վերնագիրը:
Ցուցադրուած 50 լուսանկարներուն շարքին է սպանացի դերասանուհի Ռոզի տը Փալմայի մէկ նկարը` սեւ ու ճերմակ մայրապետի հանդերձանքով, ցանկայարոյց երկար գուլպաներով, ակռաներուն մէջ` վարդարան մը սեղմած:
Նկար մը կը պատկերէ հանրածանօթ երգչուհի Ալասքան` իբրեւ ցանկայարոյց սուրբ մը ծպտուած եւ ակռաներուն մէջ հաղորդութեան նշխար մը սեղմած: Այլ լուսանկարի մը մէջ ան իր կուրծքին կը գրկէ դաջուած Քրիստոս մը` Միքելանճելոյի «Փիեթա» քանդակին ցանկայարոյց մէկ տարբերակով:
Շուրջ 50 ցուցարարներ իրենց բողոքը արտայայտեցին Ֆրեշ պատկերասրահին դիմաց պարզելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Միացեալ եւ կաթոլիկ Սպանիոյ մը համար» եւ «Աստուած գոյութիւն ունի՛»:
«Յարգեցէ՛ք այն, ինչ որ սրբազան է, ո՛չ սրբապղծութեան», կը պոռային անոնք:
«Անոնք չեն համարձակիր նոյնը ընել իսլամներուն,- կ՛ըսէր հանգստեան կոչուած ճարտարագէտ մը` 78 տարեկան Մայքըլ Սոթօ:- Կը համարձակին այսպէս վարուիլ մեզի հետ, որովհետեւ խաղաղասէր ենք»:
Սակայն ցուցարարներէն մէկը կոտրեց պատկերասրահին շէնքին ձեղունի պատուհանը եւ վառելանիւթով լեցուն երկու շիշ նետեց վար, թէեւ հրդեհ չծագեցաւ:
Այլ ցուցահանդէս մը, որ տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ ազգային թատրոնի շէնքին մէջ, կը պարունակէ լուսանկարը դերասանի մը, որ իբրեւ մերկ Յիսուս` կրօնական գեղանկարներով կը ծածկէ իր առնականութիւնը: Անցեալ ամիս աւելի քան 40 հազար սպանացիներ ստորագրեցին այս նկարը սրբապղծութիւն հռչակող ամբաստանագիր մը:
Շուրջ 10 օր առաջ ԼաՊրուսի ցուցահանդէսին բացումէն ետք «Էյ. Ի. Սի.» կոչ ուղղեց պատկերասրահին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարելու «ընդդէմ սրբապղծութեան` պաշտպանելու համար մեր քրիստոնէական արմատներն ու կաթոլիկ հաւատքը»:
«Սրբապիղծ գրգռութիւններ դարձեալ կը սպառնան», կը յայտարարէր պահպանողական «Մարք եուրսելֆ հըրտ» խմբաւորումին մէկ ներկայացուցիչը` համացանցի իր կայքին մէջ` մանրամասնօրէն նկարագրելով խնդրայարոյց նկարները:
«Միասեռական երեւոյթով հրեշտակներ կը քաջալերեն սեռային արարքներ, վաւաշոտ մայրապետներ կը ցուցադրեն իրենց ներքնազգեստները` շուայտանալով խաչերու հետ եւ իրենց կուրծքին սեղմելով դաջուած Քրիստոս մը… ա՛յս է նոր պարունակութիւնը «Լկտիութիւն» վերնագիրով գայթակղեցուցիչ ցուցահանդէսին…», կը բողոքէր ան:
Սպանիոյ նախկին բռնատէրին յիշատակը պահպանելու նպատակը հետապնդող Ֆրանսիսքօ Ֆրանքօ հիմնարկը ցուցահանդէսը խարանած է իբրեւ «դառն եւ ախտագին յարձակում մը կաթոլիկ կրօնին դէմ»:
Սակայն ԼաՊրուս, որուն գործերը յաճախ բողոքի ալիքներ բարձրացուցած են եւ գրաքննուած են, որեւէ զղջում չ՛ապրիր:
Ֆրանսիսքօ Ֆրանքօ հիմնարկին բողոքին դէմ ե- նամակով մը պատասխանելով` ան հեգնական որակած է այն իրողութիւնը, թէ` «ֆաշականութիւնը պաշտպանող խմբաւորում մը կը դատապարտէ ցուցահանդէսը»:
«Ֆաշականները ինչպէ՞ս կը համարձակին բարոյական որեւէ հեղինակութեան պարտադրել որեւէ բանի», գրած է ան:
«Կազմակերպուած կրօնի մասին ինչ որ գիտեմ, սորված եմ Ճոնի Միչըլի «Տը հիսինկ աֆ սամըր լոնզ» երգէն», աւելցուցած է ան:
ԼաՊրուս մէջբերումներ կատարած նաեւ քանատացի երգիչուհիին 1975-ի ալպոմին մաս կազմող երկու երգերէ. «Տը պոհօ տանս» եւ «Տոն՛թ ինթըրրափթ տը սորօ»:
Պատկերասրահին համացանցի կայքին մէջ 48 տարեկան լուսանկարիչը գրած է. «Սուրբերուն կեանքը լեցուն է զսպուած սեռայնութեան վերամբարձ արարքներով»:
««Լկտիութիւն»-ը կը ներկայացնէ դիմանկարներ, որոնք կը պատկերեն սրբութեան եւ սրբապղծութեան այս սրբազան մէկտեղումը», կ՛աւելցնէ ան:
Ցուցադրուած գործերուն մէջ ամէնէն աւելի զայրոյթ պատճառող նկարը կը պատկերէ դերասան մը, որ կը պատրաստուի Քրիստոսի դերը ստանձնելու` վերարտադրելով սպանացի գեղանկարիչ Տիեկօ Վելասքեզի «Խաչեալ Քրիստոս»-ի պատկերը` սեռային իր գործարանները ծածկելու վիճակին մէջ:
Կրօնական պահպանողական խմբաւորումներ, ինչպէս` Մաս Լիպրես, որ Մէյք եուրսելֆ հըրտի մէկ ճիւղաւորումն է, Մատրիտի քաղաքապետութենէն պահանջած է արգիլել ցուցադրութիւնը սպանացի լուսանակարիչ Սերխիօ Փարայի այս գործին, որ մաս կը կազմէ քաղաքապետութեան ցուցահանդէսին, սակայն քաղաքապետութիւնը մերժած է տեղի տալ:
Արուեստի գործերու հետ առնչուած այլ տարակարծութիւն մը ծայր տուած է, երբ Ֆրանքօ հիմնարկը դժգոհութիւն յայտնած է Մատրիտի արուեստի տօնավաճառին առիթով ցուցադրուած «Օլուէյզ Ֆրանքօ» քանդակին նկատմամբ: Էօժենիօ Մերինոյի այս գործը բռնակալը կը պատկերէ զովացուցիչներու սառնարանի մը մէջ:
«Այս գործը ատելութիւն եւ բախում կը ստեղծէ», կ՛ըսէ հիմնարկին նախագահը` Ճէյմի Ալոնսօ, որ կը սպառնայ իրաւական հետապնդումի ենթարկել Մերինոն, ինչպէս նաեւ` տօնավաճառին կազմակերպիչները:
«Չենք կրնար անտեսել այս երեւոյթը, որովհետեւ այլապէս հետզհետէ շատ աւելի կոպիտ եւ պիղծ գրգռութիւններու պիտի հանդիպինք», կ՛ըսէ ան:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



