«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Ուղղած Իր Պատգամին Մէջ` «Եթէ Արեւմտահայերէնը Չմնայ, Արեւմտահայաստանը Ազատագրող Չի Մնար» Կը Հաստատէ Յակոբ Պալեան

Արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ իր հարազատութեամբ խօսելու ու գրելու հրաւէր մը եղաւ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը, որ 21 փետրուարին հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին կողմէ:

Այս առիթով քոլեճ հրաւիրուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց ծանօթ հրապարակագիր ու մտաւորական, «Բագին» գրական պարբերականի խմբագիր Յակոբ Պալեան:

Հանդիսութեան բացումը կատարելով` աշակերտուհի Մեղրի Պետրոսեան յայտնեց, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` քոլեճը կը կազմակերպէ ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը: Մայրենին մեր հոգեղէն հայրենիքն է, որով մենք սնած ու աճած ենք, մեծցած ու զարգացած ենք, հայացած ու ազգ դարձած ենք», նշեց ան:

Խօսքը իր սերնդակիցներուն ուղղելով` Պետրոսեան ըսաւ, որ` «Եթէ հայ ենք, հաւատարիմ մնանք մեր լեզուին: Մեր ուժը, մեր կեանքը եւ մեր ապագան մեր լեզուին մէջ են: Զինուինք հայ լեզուով, ստեղծագործենք հայերէնով եւ ապրինք Հայաստանով»:

Բացման խօսքին յաջորդեց ցուցադրութիւնը տեսերիզի մը, որուն մէջ հայրենի վարպետներ գեղարուեստական շարժուձեւերով կը կազմէին հայերէն այբուբենի 38 տառերը:

Ապա քոլեճին պարախումբը ներկայացուց հայկական պար մը, իսկ երգչախումբը` երեք խմբերգ: Ասմունքեցին` Մհեր Գափլանեան («Հայերէն»` Խ. Դաշտենց) եւ Գարին Գանտահարեան («Խօսք ժողովուրդիս»` Ս. Կապուտիկեան):

Հասաւ մրցանակաբաշխութեան պահը: Տնօրէն Վիգէն Աւագեան բեմ բարձրանալով` յայտնեց, որ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը կը նշենք, որովհետեւ վտանգը հասած է մեր դռներուն, վտանգուած է արեւմտահայերէնը եւ հայ դպրոցը կոչուած է առաջին ճակատի վրայ պայքարելու այս վտանգին դէմ: Առ այդ, ան ըսաւ, որ երկու տարիէ քոլեճը կը կազմակերպէ «Ճանչնանք մեր լեզուն» մրցանքը, որ ուղղագրութեան, շարադրութեան, բանաւոր խօսքի եւ արտասանութեան մրցումներով քոլեճին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը կը մղէ հայերէնի իմացութեան իրենց մակարդակը բարելաւելու: Լաւագոյն աշակերտները այս առիթով կ՛արժանանան յատուկ նուէրներու (նիւթական պարգեւներ, Համազգայինի գրատան կողմէ տրամադրուած գիրքեր, առաջինները` մէկ ամսուան «Ազդակ»-ի բաժանորդագրութիւն եւ ամավերջի հայերէնի քննութենէն զերծ կացուցուելու իրաւունք): Այս տարուան մրցանակակիրներուն անունները յայտարարելով` տնօրէնը հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը` կատարելու մրցանակաբաշխութիւնը եւ իր պատգամը փոխանցելու աշակերտութեան:

Պատգամախօս Յակոբ Պալեան մրցանակները եւ իր վերջին գիրքէն («Մայրենին` հայրենիք») օրինակներ բաժնեց հետեւեալ աշակերտներուն.- միջնակարգի բաժինէն`Մհեր Գափլանեան (Ա. մրցանակ), Արշօ Ինճէեան (Բ. մրցանակ), Նանոր Քէօսէօրօղլեան (Գ. մրցանակ), Աբիկ Շարպօ, Փաթիլ Մարգարեան, Ժանեթ Գասապեան եւ Ժանեթ Օհանեան (յատուկ յիշատակութիւն): Երկրորդականի բաժինէն` Գարին Գանտահարեան (Ա. մրցանակ), Ռոզի Աւետիսեան (Բ. մրցանակ), Զարուհի Գէորգ (Գ. մրցանակ), Անժելա Տաղլեան եւ Լուսին Գափլանեան (յատուկ յիշատակութիւն):

Աւարտին, Յակոբ Պալեան փոխանցեց իր պատգամը: Ան ըսաւ, որ լեզու մը կենդանի լեզու կը մնայ զայն խօսելով ու գրելով: Այսօր արեւմտահայերէնը վտանգուած է, որովհետեւ մարդիկ հայերէն չեն կարդար ու գրեր, յատկապէս աշակերտները, որոնք համացանցի վրայ հայերէն չեն օգտագործեր: «Այն, ինչ որ թուրքը չկարողացաւ ընել, այսօր մեր աշակերտները կ՛ընեն լատիներէն տառեր գործածելով», ըսաւ ան:

Շարունակելով` Յակոբ Պալեան ըսաւ, որ եթէ մեր ժողովուրդը իր իրաւունքներուն պիտի տիրանայ, եթէ իր հայրենիքը պիտի ազատագրէ, անոր նախապայմանը լեզուն է: Արեւմտահայերէնը բռնագրաւուած Հայաստանի լեզուն է: Եթէ արեւմտահայերէնը չմնայ, Արեւմտահայաստանը ազատագրող չի մնար: «Մայրենի լեզուն զարդ չէ, կուրծքէն կախուող շքանշան չէ, բաժակաճառ չէ, ինքնութիւն կերտող լեզու է եւ ինքնութիւն կերտող լեզու մը կը խօսուի իր հարազատութեամբ, իր բառերով, նոյնիսկ իր տգեղ բառերով», նշեց Պալեան:

Պատգամախօսը անդրադարձաւ նաեւ ընթերցանութեան նահանջի երեւոյթին եւ ըսաւ, որ եթէ իւրաքանչիւր հայ տարեկան հայերէն մէկ գիրք գնէ, հարց չի մնար, հայ գրողները կրնան ապրիլ իրենց գրիչներով: «Կարեւորը մայրենի լեզուն ապրեցնելու ցանկութիւնն է եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլը», եզրակացուց Յակոբ Պալեան:

Share this Article
CATEGORIES